«ՎԱՀԷ ՍԷԹԵԱՆ» ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏՈՒՆ-ԳՐԱՏԱՐԱԾԻ ՄԻՋԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆՔՆԵՐՈՒ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, նախագահութեամբ Արսէն եւ Սօսի Հալաճեան ամոլին եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն-գրատարածին, Կիրակի, 17 Ապրիլ 2011-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ մանկապատանեկան գիրքերու եւ դաստիարակչական խաղերու ցուցահանդէս վաճառքի նախաձեռնութիւններուն շրջագիծին մէջ տեղի ունեցաւ միջդպրոցական մրցանքներու մրցանակաբաշխութիւն: Խօսք առաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն-գրատարածի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, որ նշեց, թէ միջդպրոցական մրցանքներուն բոլոր հայկական վարժարաններուն անխտիր մասնակցութիւնը գնահատելի է, իսկ մրցանքներն էին` նախակրթարանի դասարաններուն հայերէնի, անգլերէնի, արաբերէնի եւ ֆրանսերէնի ընթերցանութեան մրցումները, իսկ միջնակարգի` գիրքի պատրաստութիւնը: Յակոբ Հաւաթեան շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանին, Արսէն եւ Սօսի Հալաճեան ամոլին, հայկական վարժարաններու տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն, դատական կազմի անդամներւն, «Ազդակ»ին եւ «Վանայ Ձայն»ին, որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս նեցուկ կանգնեցան այս նախաձեռնութեան յաջողութեան: Ապա Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի ձեռամբ բաժնուեցան մրցանակները: Առաջնորդ սրբազանը նշեց, որ այս աշխատանքը մեծ կարեւորութիւն ունի: Գեղամ արք. Խաչերեան յայտնեց, որ այս ցուցահանդէսը կը միտի նոր սերունդին մէջ սերմանել արժէք, սկզբունք, կազմաւորման հիմքեր, որպէսզի հունձքի եղանակին քաղենք զանոնք: Առաջնորդ սրբազանը շեշտեց, որ ընթերցանութեան զարկ տալը այժմէական է եւ սերունդներու պատրաստութեան համար օգտակար: Ճեմարանի աշակերտները ստացան հետեւեալ մրցանակները. Միջնակարգի գիրքի պատրաստութեան մրցանքին՝ Է. դասարանի աշակերտները հանդիսացան երրորդ, Ը. դասարանի աշակերտները՝ երկրորդ, իսկ Թ. դասարանի աշակերտները՝ առաջին։ Նախակրթարանի դասարաններուն հայերէն լեզուով ընթերցանութեան մրցանքներուն՝ Դ. դասարանէն Ռիթա Մուրատեան հանդիսացաւ երրորդ, Ե. դասարանէն Արիանէ Թասլաքեան՝ առաջին, իսկ Արամ-Սեւակ Աֆարեան՝ երրորդ. Զ. դասարանէն Նարօտ Սերուժեան՝ առաջին, իսկ Ֆիլիփ Քէչէք՝ երրորդ։ Ֆրանսերէն լեզուով ընթերցանութեան մրցանքներուն՝ Դ. դասարանէն Նարեկ Մեսրոպեան եւ Վանա Պաքալեան հանդիսացան առաջին, Ե. դասարանէն Մէյրի Գրիգորեան ՝ առաջին, իսկ Զ. դասարանէն Մանէ Պասմաճեան եւ Բալիկ Ծատուրեան՝ երրորդ։ Կը շնորհաւորենք մրցանակակիրները եւ կը գնահատենք մասնակցող բոլոր աշակերտները։