ԱԿՌԱՆԵՐՈՒ ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ

Հինգշաբթի, 14 Ապրիլին ատամնաբոյժ Ն. Տաքքաշ տարրական բաժինի Ա. եւ Բ. Դասարանի աշակերտներուն ֆրանսերէն եւ արաբերէն լեզուներով խօսեցաւ ակռաներու առողջապահութեան կարեւորութեան մասին: Ակռաներու փտութեան պատճառներուն եւ կանխարգիլման միջոցներուն մասին բացատրութիւնը ընթացաւ զրոյցի ձեւով: Դպրոցի հիւանդապահուհի Քրիստին Մխճեան փոխանցուած տեղեկութիւնները հայերէն լեզուով բացատրեց աշակերտներուն։ Դասախօսութեան աւարտին, փոքրիկները դիտեցին ֆրանսերէն լեզուով շատ հետաքրքրական cartoon մը՝ նոյն նիւթին առնչութեամբ, ապա իւրաքանչիւր աշակերտ նուէր ստացաւ «Colgate» ակռայի դեղ ու վրձին։