«ԱՆԲԱՆ ՀՈՒՐԻՆ»

Հայրենի վաստակաշատ դերասան Սօս Սարգսեանի ծննդեան 80-ամեակին առիթով Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան կազմակերպած «Հայ թատրոնի ամսուան» ներկայացումներուն ծիրէն ներս, Ուրբաթ 1 Ապրիլին, տարրական բաժինի եւ նախակրթարանի աշակերտները ներկայ գտնուեցան Հրաչեայ Գասպարեանի բեմադրութեամբ Յովհաննէս Թումանեանի «Անբան Հուրին» թատերախաղի աշակերտական ներկայացումին: Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ ըմբոշխնեցին ներկայացումը։ Անոնք լաւատեղեակ էին Թումանեանի ստեղծագործութեան։ Երեքշաբթի, 5 Ապրիլին, հայրենի դերասանները այցելեցին Ճեմարան։