ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԻՋ-ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՊԱՐԻ ՄՐՑԱՆՔ

Նախակրթարանի Դ. դասարանի ատենամարզանքի պարի խմբակը՝ պարուսոյց Մարիժան Ատուրեանի ղեկավարութեամբ, Մարտ ամսուն մասնակցեցաւ Լիբանանի միջ-դպրոցական պարի մրցանքին։ Շաբաթ, 26 Մարտին, Մոն Լա Սալի մէջ, Լեռնալիբանանի մրցաշարքին Ճեմարանի աշակերտուհիները իրենց կեցուածքին, կատարողութեան եւ համաչափ շարժումներուն համար ստացան բարձր գնահատական եւ անցան ախոյեանական հանգրուան։ Ուրբաթ, 1 Ապրիլին տեղի ունեցաւ աւարտական հանգրուանը Իւնէսքոյի մէջ։ Ճեմարանի խմբակը ներկայացուց Արա Գէորգեանէն նազ պար մը եւ երրորդ տարին ըլլալով առաջին դիրքը գրաւեց փոքր աղջիկներու դասակարգին մէջ։ Երկուշաբթի, 4 Ապրիլին պարի խմբակը ստացաւ մրցանակը։ Այս առթիւ կազմակերպուեցաւ հիւրասիրութիւն դպրոցէն ներս։ Մրցանքին մասնակցեցան հետեւեալ աշակերտները՝ Աթթարեան Ռիթա, Աղէկեան Կալին, Մուրատեան Ռիթա, Պուժիքեան Էնճըլա, Տէյիրմենճեան Սելին, Փաչանեան Պէթի, Աճեմեան Մարի-Քրիսթել, Ապուսէֆեան Սէրլի, Գասարճեան Մարիա, Խաչատուրեան Լէա, Միսիրեան Կալի, Պաքալեան Վանա, Տէր Խաչատուրեան Գալին-Ռիթա։