ՏԱՐՐԱԿԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԿԸ ՊԱՏՄԵՆ…

14 Ապրիլին, տարրական բաժինի աշակերտները ելոյթ ունեցան Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն-գրատարածի կազմակերպած ընթերցանութեան ձեռնարկին։ Աշակերտները անթերի ձեւով եւ մեծ յաջողութեամբ ներկայացուցին տպարանի եւ գիրքի պատմութիւնը։ Անոնք պատմեցին եւ արտասանեցին։ Աշակերտներուն ելոյթը մեծ խանդավառութիւն եւ հաճելի մթնոլորթ ստեղծեց սրահէն ներս։ Անոնք պատասխանեցին իրենց ուղղուած հարցումներուն եւ ստացան նուէրներ։ Վարձքը կատար հայերէնի ուսուցիչներուն։