ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի 2011-2012 տարեշրջանի վերամուտը տեղի ունեցաւ հանգրուանային ձեւով: Սեպտեմբեր 12-ին երկրորդական բաժինի եւ միջնակարգի Թ. դասարանի աշակերտները վերադարձան դպրոց: Սեպտեմբեր 19-ին ամբողջացաւ միջնակարգի վերամուտը: Երկուշաբթի 26 Սեպտեմբերին տարրական բաժինի ու նախակրթարանի աշակերտներուն վերամուտն էր: Այդ օրը, առաջին զբօսանքին, բոլոր աշակերտներն ու ուսուցիչները հաւաքուեցան «Տոքթ….

ՈՒՂՂԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ԼՍԱՐԱՆ

Ճեմարանէն ներս նոր հիմնուած ուղղավարժական գրասենեակին գործունէութիւնը հունաւորելու նպատակով, տնօրէնութեան կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, 24 Սեպտեմբեր 2011-ին, «Տոքթ Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ուղղավարժական լսարան՝ մասնակցութեամբ ամբողջ ուսուցչական կազմին։ Նաթալի Այվազեան ներկայացուց դպրոցական հոգեբանի աշխատանքին բնոյթը եւ անոր կապը ուղղաբանին (orthophoniste) եւ ուղղավարժին (othopédagogue) հետ։ Շաղիկ Կոկոնեան ներկայացուց ուղղաբանին…

ՄԱՐԶԱԿԱՆ

Մարզական աւանին մէջ, Արեւմտեան Ասիոյ աթլեթիզմի կրտսերներու առաջին ախոյեանութեան մրցումներուն, Կիրակի, 25 Սեպտեմբերին, Լիբանանի աղջիկներու խումբը յաջողեցաւ վազքի խմբային մրցումներուն տիրանալ ոսկի մետալին` գերազանցելով այլ երկիրներու հաւաքականները: Լիբանանի խումբին մաս կը կազմէր այս ախոյեանութեան մրցումներուն միակ հայ մարզիկը` Լոռի Թաշճեան, որ Ճեմարանի ԺԲ. դասարանի աշակերտուհի է եւ մաս…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱՆԿԱԽԱՑՄԱՆ 20 ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ

Հինգշաբթի, 22 Սեպտեմբերին, ժամը 1։30-ին, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտները նշեցին Հայաստանի հանրապետութեան վերանկախացման 20 ամեակը։ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, ձեռնարկին բացման խօսքը ընթերցեց Վանայ Ճէնանեան։ Ան ըսաւ. «20 տարի առաջ՝ 21 Սեպտեմբեր 1991-ին, երկրորդ անգամ ըլլալով ողջ հայութեան դիմաց…

ԱՌԱՋԻՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ

Հինգշաբթի, 22 Սեպտեմբեր 2011-ի առաւօտեան ժամը 10։00-ին Տարրական բաժինի առաջին դասարանի աշակերտները դպրոց եկան իրենց ծնողներուն հետ։ Աշակերտները երգեցին եւ իրենց դասարաններուն ու շէնքի բաժանումներուն ծանօթացան։ Յետոյ տօնական մթնոլորտի մէջ խմբուեցան սեղաններու շուրջ եւ հաճելի ժամանակ անցուցին միասին։ Աշակերտներէն շատեր հետաքրքրուեցան Տարրական բաժինի գրադարանէն ներս գտնուող գիրքերով։ Ծնողները…

«ՀԱՅԿԱԶՈՒՆՔ» ՀԱՄՈՅԹԸ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 20 Սեպտեմբեր 2011-ի կէսօրին, Գուսան Հայկազունի «Հայկազունք» համոյթի անդամները այցելեցին Ճեմարան։ Անոնք շրջեցան դպրոցի զանազան բաժանմունքները, հանդիպում ունեցան տնօրէնութեան հետ, այցելեցին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի արխիւներու գրասենեակ եւ տեսակցեցան պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի հետ։ Ճեմարանի միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտները «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ դիմաւորեցին հայրենի հիւրերը, որոնք բեմ…

ՔՈՒԷԱՐԿԵՆՔ Ի ՇԱՀ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ

Երկուշաբթի, 5 Սեպտեմբեր 2011-ին ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ բացումը «Հայոց պետականութիւն. 5000-ամեայ… եւ 20-ամեայ» խորագրով համահայկական մանկապատանեկան նկարչական մրցոյթ-փառատօնին, որ այս տարի նուիրուած է ՀՀ անկախութեան 20-ամեակին: Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքի 18 երկիրներէ ներկայացուած շուրջ հազար աշխատանքներէն 243-ը ընտրուած են ու ցուցադրուած։ Վերոյիշեալ մրցոյթին…

ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԷՀՏԵՆԻ ՃԱՏՐԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻՆ

Կիրակի, 28 Օգոստոսին, Էհտենի «Պէյթ Ուարտ» ճաշարան-պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ ճատրակի մրցաշարք մը` կազմակերպութեամբ Էհտեն-Զղարթա քաղաքապետութեան եւ հովանաւորութեամբ ու հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին: Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 70 ճատրակ խաղացողներ: 10 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ (10 մասնակցող), ՀՄԸՄ-ի եւ Ճեմարանի աշակերտ Հրայր Գասապեան գրաւեց առաջին…

ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԻ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆՆԵՐԸ

Յուլիս ամսուան ընթացքին, խաղացինք, ցատկեցինք, երգեցինք, պարեցինք, լողացինք, ձեռային աշխատանքներ կատարեցինք եւ դպրոցին պարտէզներուն մէջ ուրախ ժամեր անցուցինք։ Ամբողջ տարին, գիտելիքներու կողքին, մեր սիրելի ուսուցչուհիներուն խնամքն ու գուրգուրանքը վայելեցինք եւ հասանք մեր մանկութեան առաջին հանգրուանի աւարտին։ Ստացանք մանկամսուրի վկայականները եւ շուտով կը թակենք Նորսիկեան մանկապարտէզի դռները։ Մոմճեան Ալիք…

ԿՐԹԱԿԱՆ ԱՍՊԱՐԷԶԻ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ՕՐԵՐ

2011-2012 ուսումնական տարեշրջանի պատրաստութեան աշխատանքային հանդիպումները սկսան Չորեքշաբթի 22 Յունիսին եւ աւարտեցան 4 Յուլիսին: Այս աշխատանքներուն մասնակցեցան Ճեմարանի բոլոր ուսուցիչները, հսկիչները, երբեմն նաեւ վարչական աշխատանք կատարողները։ Տասնօրեայ աշխատանքները ընդգրկեցին Ճեմարանի կրթական ծրագիրներու խմբագրման գործնական աշխատանքներ, ինչպէս նաեւ՝ կրթական մարզին հետ առնչուող հրատապ հարցեր եւ տեսական նիւթեր: Կրթական տեսուչ,…

ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԻ ՅՈՒԼԻՍ ԱՄՍՈՒԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ

Մանկամսուրի ծրագիրը կ՚ընդգրկէ թէ՛ ազատ եւ թէ առաջնորդուած խաղեր, ըստ երեխաներու տարիքային խմբաւորումին եւ անոնց պահանջներուն։ Ամբողջ տարուան ընթացքին, մանկամսուրի փոքրիկները կը սորվին արտայայտուիլ, գիտակից կը դառնան իրենց ֆիզիքական կարողութիւններուն եւ կը սորվին զանոնք օգտագործել իրենց առօրեայ զբաղումներուն ու խաղերուն ընթացքին։ Յուլիս ամսուան ընթացքին մանկամսուրի ծրագիրը տարբեր բնոյթ…

ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՎԿԱՅԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԲԱՇԽՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Հիգշաբթի, 7 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 7։00-ին, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ ԺԲ. աւարտական դասարանի վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը։ Աւարտական դասարանի աշակերտներուն դպրոցական տարիներու զանազան առիթներու նկարներով տեսերիզի մը ցուցադրութեամբ սկսաւ հանդէսը։ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, ԺԱ.դասարանին կողմէ շրջանաւարտներուն ողջերթի ուղերձ կարդաց Սեպուհ Թորիկեան, որ…