ՔՈՒԷԱՐԿԵՆՔ Ի ՇԱՀ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ

Երկուշաբթի, 5 Սեպտեմբեր 2011-ին ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ բացումը «Հայոց պետականութիւն. 5000-ամեայ… եւ 20-ամեայ» խորագրով համահայկական մանկապատանեկան նկարչական մրցոյթ-փառատօնին, որ այս տարի նուիրուած է ՀՀ անկախութեան 20-ամեակին: Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքի 18 երկիրներէ ներկայացուած շուրջ հազար աշխատանքներէն 243-ը ընտրուած են ու ցուցադրուած։ Վերոյիշեալ մրցոյթին մասնակցած Ճեմարանի աշակերտներէն հինգը՝ Հանտեան Սէրուժ, Սալորեան Միրէյ, Խանօ Կիկօ, Գարավարդանեան Ռոստոմ եւ Փօլատեան Նարինէ, անցած են երկրորդ հանգրուան։ Կազմակերպուած է նաեւ համացանցային ցուցահանդէս։ Սեպտեմբեր 1-ին սկսած է առցանց քուէարկութիւն, որ պիտի տեւէ մինչեւ Հոկտեմբեր 1։ Քուէարկեցէ՛ք մեր աշակերտներուն գծած նկարներուն` այցելելով Facebook-ի “National Center of Aesthetics” էջը եւ սեղմելով «like» կոճակը: Folder name: Համահայկական մրցոյթ-փառատօն 2011 (II))` http://www.facebook.com/media/set/?set=a.154364627983045.38852.147627248656783&type=1 Ամենաշատ ձայներ հաւաքած նկարը կ՚արժանանայ «Այցելուներու համակրանք» 1 մրցանակին: Արդիւնքները կը յայտարարուին. 5 Հոկտեմբեր 2011-ին www.nca.am եւ www.edu.am կայքէջերուն վրայ: