ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱՆԿԱԽԱՑՄԱՆ 20 ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ

Հինգշաբթի, 22 Սեպտեմբերին, ժամը 1։30-ին, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտները նշեցին Հայաստանի հանրապետութեան վերանկախացման 20 ամեակը։ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, ձեռնարկին բացման խօսքը ընթերցեց Վանայ Ճէնանեան։ Ան ըսաւ. «20 տարի առաջ՝ 21 Սեպտեմբեր 1991-ին, երկրորդ անգամ ըլլալով ողջ հայութեան դիմաց բացուեցաւ յոյսի դուռը, որմէ ճառագայթեց Հայաստանի լուսաշող անկախութիւնը: Խորհրդային Միութեան 70 տարուան իշխանութիւնը հեռացաւ մէկ անգամ ընդմիշտ մեր հայրենի սուրբ հողէն…։Մեզ ցիրուցան ըրին, իսկ հովերն ու փոթորիկները աւելի եւս տարածեցին մեզ, բայց մենք կազմակերպուեցանք եւ դարձանք սփիւռք, որ աշխարհի միակ վայրն է, որ ո՛չ սահման ունի, ոչ ալ ճշդուած տարածք։ Այսօր, ունինք անկախ հայրենիք եւ սփիւռք, որոնք պիտի գործակցին ու ամրապնդեն Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումը՝ հայու աննկուն կամքով ու անխորտակելի հաւատքով»։ Բացման խօսքէն ետք, Յարութ Թիքիճեան ներկայացուց հայկական զինանշանները՝ տեսասալիկով նկարներու ցուցադրութեան ընկերակցութեամբ։ Օրուան պատգամը փոխանցեց աւարտական դասարանէն Խաժակ Գասպարեան։ Ան պատմական ակնարկով մը ներկայացնելէ ետք Հայաստանի առաջին եւ երկրորդ անկախ հանրապետութիւններու կերտման հանգրուանները, խօսքը ուղղեց ներկաներուն եւ ըսաւ. «Սիրելիներ, ահա եղաւ 20 տարի, որ Հայաստանը անկախ է, բայց հայութեան համար 20 տարիներ բաւարար չեն իբրեւ ապագայի գոյութեան երաշխիքը, ուրեմն իւրաքանչիւր հայ երիտասարդ պէտք է պայքարի, որպէսզի կարենանք պահել այս անկախութիւնը։ Երիտասարդութիւնը ժողովուրդի մը ապագան չէ միայն, այլ՝ ներկան, մեզի կը պատկանի մեր հայրենիքի ապագայի ղեկավարութիւնը եւ եթէ պատրաստ չենք ստանձնելու ներկան, պատրաստ չենք նաեւ պատրաստելու ապագան։ Մեր հայրենիքի անկախութեան պահպանման տէրն ենք մենք, եւ անոր առաջին պայմանը՝ սփիւռքի մէջ հայապահպանումն է, որուն հանդէպ բոլորս ունինք մեծ պատասխանատուութիւն»։ Ան իր խօսքը աւարտեց ըսելով.«Գիտակից հայը, որ կը հաւատայ հայ ժողովուրդի գոյութեան զօրութեան, ծունկի պիտի չգայ ապագայ դժուարութիւններուն դիմաց»։ Հայաստանի վերանկախացման հռչակագիրը ներկայացնող տեսասալիկի ցուցադրութենէն ետք, Նարէ Աղասարգիսեան դաշնամուրով նուագեց «Օրօր»ը, ապա Գուրգէն Փափազեան ասմունքեց Եղիշէ Չարենցի «Գովք Հայաստանի»ն, որմէ ետք Արին Թաշճեան ջութակով նուագեց «Ալ Այլուղս» եւ «Քելէ-Քելէ»։ Մաթիան Փայլեան ասմունքեց Վահան Թէքէեանի «Բարձրացում»ը, այնուհետեւ Միրէյ Սալորեան երգեց «Զարթի՛ր Որդեակ»ը Վանայ Ճէնանեանի դաշնամուրով նուագակցութեամբ։ Ապա Սիպէլ Աւետիսեան, Մեղրի Թորոս, Նայիրի Պոտրումեան, Անտրէա Գաժագժեան, Ռիթա Պարոնեան, Կասիա Սամուէլեան եւ Գալին Մկրտիչեան երգեցին «Երազ Իմ Երկիր Հայրենի»՝ Վանայ Ճէնանեանի դաշնամուրով նուագակցութեամբ։ Տնօրէնութեան խօսքը փոխանցեց կրթական տեսուչ, փոխ տնօրէն Հուրի Եափուճեան, որ անդրադառնալով ներկայ աշակերտներուն, որոնք բոլորը ծնած են Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, ըսաւ. « Ձեզի համար երազ մը չեղաւ անկախ հայրենիքը, որովհետեւ ան գոյութիւն ունէր արդէն, մինչ մեր սերունդին պատկանողները, իրենց աշակերտական տարիներուն չունէին անկախ Հայաստանը»։ Ան սփիւռքի մէջ, Խորհրդային Հանրապետութեան ժամանակ, եռագոյն դրօշակը պահպանելու վերաբերող իր ուսանողական տարիներու մէկ յուշը պատմելէ ետք, ըսաւ. «Խորհրդային Միութեան բնական փլուզումէն ետք, անոր լուծին տակ գտնուող բոլոր երկիրներուն նման, Հայաստանն ալ վերանկախացաւ, բայց այդ անկախութիւնը չէ ամբողջացած տակաւին, Արցախը կռիւով ազատագրուեցաւ, սակայն դեռ կայ արեւմտեան Հայաստանը, որուն համար սփիւռքահայերը պէտք է ձեռք-ձեռքի տան, բազմացնեն իրենց քաղաքական ուժը, արդիւնաւորեն իրենց դիւանագիտական հմտութիւնները, բազմապատկեն տնտեսական ուժը, զարգացնեն իրենց մարտական ուժը, որպէսզի վերամիանան հայ ժողովուրդին ցրուած բեկորները մէկ հողի վրայ ու բարգաւաճի Հայաստանը։ Չի բաւեր անկախ հայրենիք ունենալ եւ ուրախանալ։ Եթէ հայրենիքը տկար մնայ, զայն կուլ կու տան շրջապատող երկիրները։ Անկախ հայրենիքը կը զօրանայ իր զաւակներուն ուժով։ Ան կը զօրանայ, երբ իր զաւակները արմատ նետեն անոր հողին մէջ»։ Հուրի Եափուճեան իր խօսքը աւարտեց ըսելով. «Հիմա գացէ՛ք, մտածեցէ՛ք, սիրելի աշակերտներ, թէ ի՞նչպէս պիտի բազմապատկենք մեր ուժը, որպէսզի Հայաստանը բարգաւաճի, որպէսզի մեր զաւակներն ու թոռները եւ անոնց յաջորդող սերունդները ապրին ու ստեղծագործեն ազատ, անկախ եւ ուժեղ հայրենիքի մը դրօշին տակ»։ Եւ հնչեց Սասնոյ «Եարխուշտա»ն. Նիկոլ Ալեքսանտրեան, Գուրգէն Փափազեան, Նժդեհ Գարագաւորեան եւ Սարհատ Գեթսեմանեան բեմին վրայ պարելէ ետք, ոտքի հանեցին բոլոր աշակերտներն ու ուսուցիչները ու «Միասնութեան Շուրջպար»-ով փակեցին Հայաստանի վերանկախացման 20 ամեակի տօնակատարութիւնը։