ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՎԿԱՅԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԲԱՇԽՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Հիգշաբթի, 7 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 7։00-ին, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ ԺԲ. աւարտական դասարանի վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը։ Աւարտական դասարանի աշակերտներուն դպրոցական տարիներու զանազան առիթներու նկարներով տեսերիզի մը ցուցադրութեամբ սկսաւ հանդէսը։ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, ԺԱ.դասարանին կողմէ շրջանաւարտներուն ողջերթի ուղերձ կարդաց Սեպուհ Թորիկեան, որ ըսաւ. «Այս դպրոցին մէջ աշակերտները բաժնուած են ոչ միայն դասարաններու այլեւ՝ աշխատանքային խումբերու, ուր կը ստեղծուի ջերմ մթնոլորտ եւ վստահութիւն իրարու հանդէպ, իրականացնելով յաջող ձեռնարկներ, որոնք մեզ կը պատրաստեն հայեցի եւ մարդկային յանձնառութեան: Այսպէս, լսարանական միութեան մէջ մենք ունինք խմբակներ, որոնք աշակերտներուն հետաքրքրութիւնները կը զարգացնեն իրենց դասերէն անկախ. խմբակներէն դուրս հաւաքական դասախօսութիւնները եւ ձեռնարկները յանձնառու մարդն ու հայը կը պատրաստեն: Լսարանական միութենէն անկախ, դպրոցի ամբողջ աշակերտութիւնը իրարու կապող նախաձեռնութիւններ ալ կան՝ տարեկան պտոյտը, մշակոյթի օր, կենսոլորտի օր …: Դաստիարակիչ այս բոլոր ձեռնարկները աշակերտներուն միջեւ, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներու եւ աշակերտներու միջեւ, կը ստեղծեն ջերմ կապ, եւ դժուար կ՚ըլլայ բաժնուիլ այս ընտանեկան մթնոլորտէն: Ճիշդ է, որ շրջանաւարտներէն իւրաքանչիւրը իր սեփական կեանքի ճամբան պիտի բռնէ, բայց վստահ եմ, որ անոնք պիտի չմոռնան Ճեմարանը, որ զիրենք ընդունեց, դաստիարակեց, մշակեց իրենց մտքերը: Այս օրը վերջին օրը չէ Ճեմարանի մէջ. այս օրը պարզապէս ցտեսութիւն մըն է, միայն ցտեսութիւն»։ Ողջերթի խօսքէն ետք աւարտական դասարանէն Բալիկ Արոյեան դաշնակի վրայ նուագեց հայկական եղանակներու փունջ մը, ապա դարձեալ աւարտական դասարանէն Անի եւ Կարին Առաքելեան ասմունքեցին Զարեհ Խրախունիի «Նախերգ»ը։ Աւարտական սերունդին կողմէ ուղերձը կարդաց Նանօր Յարութիւնեան։ Ան ըսաւ. «Այսօր կ°ապրինք տարբեր յուզում մը, որովհետեւ դժուար բան է Ճեմարանը աւարտել եւ ճեմարանական մնալ: Որովհետեւ գալիք տարիներուն նոյնիսկ, մենք պարտաւոր ենք ապրիլ ու գործել ճեմարանաւարտի պատասխանատուութեամբ: Ճեմարանը մեզի ոչ միայն ուսում տուաւ, ոչ միայն մեզ դաստիարակեց իբրեւ մարդ եւ իբրեւ հայ, այլ նաեւ մեզի ներշնչեց պատասխանատուութեան զգացում: Մենք պատասխանատու ենք մեր ընտրելիք համալսարանական ճիւղին, մեր ձեռք բերելիք արդիւնքներուն, ինչպէս նաեւ մեր ստանձնելիք յանձնառութեան իմաստով: Պատասխանատու ենք նոյնիսկ մեր առօրեայ նիստուկացին մէջ: Պարզապէս որովհետեւ ճեմարանաւարտ ենք: Կ՚աւարտենք ընթացքը այն վարժարանին, ուր կը տիրէ Լեւոն Շանթի ու Աղբալեանի, Սիմոն Վրացեանի ու Գառնիկ Գիւզալեանի շունչը: Այն վարժարանին, որ ճգնեցաւ, որպէսզի օժտուինք մարդկային ամէնէն ազնիւ յատկանիշներով, որպէսզի ունենանք հայկական այնպիսի ինքնութիւն, որ անխոցելի ըլլայ: Թէ հետագային որքա՛ն պիտի յաջողինք Ճեմարանէն մեր ստացածը աւելիով վերադարձնելու մեր ժողովուրդին՝ ապագան ցոյց պիտի տայ: Մէկ բան յստակ է սակայն. որ մեր կողմէ մենք ճիգ պիտի չխնայենք: Ինքնավստահ ենք, որովհետեւ Ճեմարանը մեզ զինած է 21-րդ դարու զէնքով: Բան մը, որուն համար կը մնանք երախտապարտ թէ՛ Ճեմարանին, իր ուսուցիչներով եւ իր պատասխանատուներով, եւ թէ ի գին ծանր զոհողութեանց մեզ Ճեմարան ուղարկած մեր ծնողներուն: Մեր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք տնօրէնութեան, մեր ուսուցիչներուն եւ հաստատութեան ամբողջ անձնակազմին: Եւ յուզումով կը փոխանցենք ջահը 11-րդ դասարանին, քաջ գիտնալով, որ այս ջահը միշտ պիտի մնայ վառ եւ արժանաւոր սերունդներ առաջնորդէ»։ Հրաժեշտի ուղերձէն ետք, աւարտականներ Նարէ Սալորեան եւ Վարանդա Եագուպեան երգեցին «Զարթի՛ր Որդեակ»ը Լոռի Աբրահամեանի եւ Հրակ Գարագաշեանի կիթառով նուագակցութեամբ, իսկ Հրակ Գարագաշեան նուագեց ու մեկնաբանեց «Զինուորի Երգ»ը։ Ապա Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան բեմ բարձրացաւ մրցանակաբաշխութեան համար։ Վարանդ Կոտալազեան արժանացաւ Աւարտական դասարանի բարձրագոյն միջին ապահովողի «Մարք Արտալճեան» եւ աւարտական դասարանի գիտական նիւթերու լաւագոյն արդիւնք ապահովողի «Կարօ Սիւրմէլեան» մրցանակներուն։ Աւարտական դասարաններու մէջ հայերէնագիտական լաւագոյն միջին ապահովողի «Սօսի յիշատակի ‎ֆոնտ»ի մրցանակներ ստացան գրական բաժինէն՝ Նանօր Յարութիւնեան եւ գիտական բաժինէն՝ Անի Առաքելեան։ Նանօր Յարութիւնեան արժանացաւ ԺԲ. դասարանի արաբերէնի լաւագոյն միջին ապահովողի «Լուի Օհանեան» մրցանակին։ Գերազանց արդինքներ ապահովող եւ միաժամանակ հասարակական գործունէութիւն ունեցողի «Արշաւիր Յովսէփեան» մրցանակներուն արժանացան գրական բաժինէն Կարին Կէօքճեան եւ գիտական բաժինէն Յակոբ Հաճաքեան։ «Ջահակիր»ի պատրաստութեան լաւագոյն մասնակցութեան «Վիգէն Զաքարեան» մրցանակը ստացաւ Վարանդա Եագուպեան։ Երկրորդական դասարաններու մէջ հայերէնագիտական լաւագոյն միջին ապահովողի Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Ֆորումի մասնակցութեան մրցանակին արժանացաւ Անի Առաքելեան։ Նախակրթարանի մէջ հայերէնագիտական նիւթերու լաւագոյն արդիւնք ապահովողի «Սօսի Մաւիսաքալեան» մրցանակին արժանացան Արենի Խաչատուրեան եւ Նարօտ Սերուժեան։ Թ. դասարանի արաբերէնի լաւագոյն միջին ապահովողի «Սօսէ Սէփէթճեան» մրցանակը ստացաւ Սէրուժ Հանտեան։ Ժ. դասարանի հայերէնի եւ հայոց պատմութեան լաւագոյն արդիւնք ապահովողի «Հուրի Պերթիզլեան» մրցանակին արժանացաւ Փաթիլ Գէորգեան։ Տիպար մարզիկի եւ տիպար մարզիկուհիի «Վարդգէս եւ Լուսին Ծատուրեան» մրցանակները ստացան Հրակ Գարագաշեան եւ Արին Գասապեան, իսկ Ճեմարանի տիպար աշակերտ, անթերի վարք ու բարքով, ծառայասէր աշակերտի «Վիգէն Աղասարգիսեան» մրցանակին արժանացաւ Կարօ Ֆեսլեան։ Մրցանակաբաշխութենէն ետք տնօրէնը բարձր գնահատեց Ճեմարանի աշակերտներուն արձանագրած յաջողութիւնները պետական քննութիւններուն՝ 90 % համեմատութեամբ պրըւէին, իսկ 95 %՝ պաքալօրէային։ Տ. Ճինպաշեան գնահատեց նաեւ աշակերտներուն տիրական ներկայութիւնը անցնող տարեշրջանին ընթացքին զանազան մրցանքներու եւ միջոցառումներու, մասնաւորաբար ԼԵՎԱՄ-ի մրցանքներուն մասնակցութիւնն ու յաղթանակները, նշելով որ ԼԵՎԱՄ-ի վահանը կրկին վերադարձած է Ճեմարան եւ տնօրէնին գրասենեակը զարդարուած մարզախաղերու ու ճատրակի առաջնութեան բազմաթիւ բաժակներով։ Տիգրան Ճինպաշեան թուեց անցնող տարեշրջանին կատարուած հիմնական նորութիւնները դպրոցէն ներս՝ կրթական եւ ուսումնական աշխատանքները հետեւողական ձեւով բարելաւման միտող զանազան ծրագիրներու գործադրումը, ինչպէս՝ Սէն Ժոզէֆ համալսարանի մանկավարժական բաժանմունքին գործակցութեամբ կատարուած արաբերէնի ծրագրային աշխատանքը եւ ուսուցիչներուն տարեվերջի տասնօրեայ սեմինարային աշխատանքները, ուր մատուցուեցան տեսական նիւթեր եւ կատարուեցան ծրագիրներու խմբագրման գործնական աշխատանքներ։ Տնօրէնը փոխանցեց նաեւ նորագոյն արհեստագիտութեան գծով, երկրորդական բաժնի բոլոր դասարաններուն եւ գրաւոր աշխատանքներու սրահին օժտուիլը համակարգչային «իմաստուն» լուսարձակներով, որոնք տրամադրուեցան «Ուալիտ Պըն Թալալ» մարդասիրական կազմակերպութեան կողմէ։ Անդրադառնալով աւարտական սերունդին, Տ. Ճինպաշեան ըսաւ, որ այս սերունդը ճեմարանական ճշմարիտ սերունդ մըն է, որ կը վիճի, կ՚առարկէ, դժգոհ կը թուի, անկարգապահ կ՚ըլլայ երբեմն, բայց նաեւ կու տայ փաստը իր կառչածութեան Ճեմարանի պատգամին, լաւ մարդու ու լաւ հայու հանգանակին։ Ան ըսաւ. «Գիտութեամբ զինուած, գիտակից, լուրջ, անհատական կեանքի մէջ լաւագոյնին ձգտող ու իր մտային ու հոգեկան հնարաւորութիւնները հայ ազգին ու հայոց հայրենիքի ի սպաս դնող երիտասարդներու կարիքը հրամայական անհրաժեշտութիւն է մեր իրականութեան մէջ։ Իրենց ուղերձով, մեր շրջանաւարտները կը վստահեցնեն մեզ, որ ժամանակը ցոյց պիտի տայ, թէ որքան պիտի կարենան վերադարձնել հայ ժողովուրդին Ճեմարանէն իրենց ստացածը։ Սպասենք ու վստահինք իրենց։ Ու դալար ճանապարհ մաղթենք ֆիզիքապէս հեռացող, բայց մտքով ու հոգիով մեր մէջ մնացող 2011-ի աւարտական սերունդին, նոր ճեմարանաւարտներուն»։ Իր խօսքէն ետք Տ. Ճինպաշեան բեմ հրաւիրեց Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վաչէ Փափազեանը մասնակցելու վկայականներու յանձնումին։ Շրջանաւարտի վկայականներ ստացան.- Գրական ճիւղէն՝ Ագտէտեան Լուսին, Աննայեան Սինթիա, Արոյեան Բալիկ, Պեքէրէճեան Սիրուն, Շամմասեան Մեղրի, Շէկեան Հերա, Կարարետեան Նաթալի, Կէօքճեան Կարին, Կարապետ (Յարութիւնեան) Նանօր, Յարութիւնեան Նարօտ, Ժամկոչեան Լոռի, Գապասաքալեան Արին, Գասպարեան Մարիա Քրիսթել, Գոյապալեան Գոհար, Քեհեայեան Մակի, Գրիգորեան Փաթիլ, Նոխուտեան Նարէ, Նորընծայեան Նուարդ, Փափազեան Սելլա, Բրուտեան Փաթիլ, Սարաֆեան Լիլիթ, Չիվեան Գոհար, Չիվեան Փաթիլ, Թորոս Ալագեազ, Ոսկերիչեան Սեզա, Եագուպեան Վարանդա, Ալճեան Ալեք, Աբրահամեան Աբրահամ, Շամմասեան Գրիգոր, Ֆեսլեան Կարօ, Յակոբեան Սարգիս, Հերկելեան Հերակ, Գարաօղլանեան Յակոբ, Գավլաքեան Մհեր, Քեհեայեան Գէորգ, Քերսոյեան Մանուկ, Մկրտիչեան Նժդեհ, Տէմիրճեան Սեւակ Գիտական ճիւղէն՝ Աննայեան Կասիա, Աբրահամեան Լոռի, Առաքելեան Անի, Առաքելեան Կարին, Պոյաճեան Դալար, Կիտանեան Արազ, Գասապեան Արին, Գճըլեան Դալար, Քեքէճեան Արազ, Մեսրոպեան Փաթիլ, Միքայէլեան Բալիկ, Փօլատեան Անժելա, Սալորեան Նարէ, Սնապեան Լոռի, Պոսնոյեան Քրիս, Հաճաքեան Յակոբ, Յովսէփեան Քրիսթ, Գարակէօզեան Քրիստափոր, Գարագաշեան Հրակ, Քերթեշեան Պերճ, Կոտալազեան Վարանդ, Ռումուլեան Էտուար, Սաղպազարեան Ռազմիկ, Թապագեան Սուրէն Վկայականներու բաշխումէն ետք հանդիսութիւնը փակուեցաւ Ճեմարանի քայլերգին երգեցողութեամբ, որմէ ետք ներկաները շնորհաւորեցին շրջանաւարտները, եւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։