ՄԱՐԶԱԿԱՆ

Մարզական աւանին մէջ, Արեւմտեան Ասիոյ աթլեթիզմի կրտսերներու առաջին ախոյեանութեան մրցումներուն, Կիրակի, 25 Սեպտեմբերին, Լիբանանի աղջիկներու խումբը յաջողեցաւ վազքի խմբային մրցումներուն տիրանալ ոսկի մետալին` գերազանցելով այլ երկիրներու հաւաքականները: Լիբանանի խումբին մաս կը կազմէր այս ախոյեանութեան մրցումներուն միակ հայ մարզիկը` Լոռի Թաշճեան, որ Ճեմարանի ԺԲ. դասարանի աշակերտուհի է եւ մաս կը կազմէ Շանվիլ ակումբին: Լոռի Թաշճեան մրցաշարքին առաջին օրը, աղջիկներու 400 մեթր վազքի մրցումներուն հանդիսացաւ առաջին եւ տիրացաւ ոսկի մետալին, Շաբաթ, 24 Սեպտեմբերին, 200 մեթր վազքի մրցումներուն գրաւեց երրորդ դիրքը` արձանագրելով 27″ 50 արդիւնք մը: Կը շնորհաւորենք Լոռի Թաշճեանը եւ անոր կը մաղթենք նոր նուաճումներ։