ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի 2011-2012 տարեշրջանի վերամուտը տեղի ունեցաւ հանգրուանային ձեւով: Սեպտեմբեր 12-ին երկրորդական բաժինի եւ միջնակարգի Թ. դասարանի աշակերտները վերադարձան դպրոց: Սեպտեմբեր 19-ին ամբողջացաւ միջնակարգի վերամուտը: Երկուշաբթի 26 Սեպտեմբերին տարրական բաժինի ու նախակրթարանի աշակերտներուն վերամուտն էր: Այդ օրը, առաջին զբօսանքին, բոլոր աշակերտներն ու ուսուցիչները հաւաքուեցան «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահ, ուր տեղի ունեցաւ 2011-2012 տարեշրջանի պաշտօնական բացումը: Ինչպէս ամէն վերամուտի, ծափահարութեան արժանացան Նորսիկեան մանկապարտէզի շրջանաւարտները՝ առաջին դասարանի աշակերտները, որոնք միացան իրենց «մեծ» ընկերներուն: Ծափահարութեան արժանացան նաեւ ԺԲ. դասարանի աշակերտները, որոնք կը գտնուին իրենց աշակերտական վերջին տարեշրջանին սեմին։ Տնօրէնը բարի աշխատանք ու յաջողութիւններով լեցուն տարեշրջան մը մաղթեց բոլորին: Ապա աշակերտները երգեցին Ճեմարանի քայլերգը եւ բարձրացան իրենց դասարանները: