ԱՌԱՋԻՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ

Հինգշաբթի, 22 Սեպտեմբեր 2011-ի առաւօտեան ժամը 10։00-ին Տարրական բաժինի առաջին դասարանի աշակերտները դպրոց եկան իրենց ծնողներուն հետ։ Աշակերտները երգեցին եւ իրենց դասարաններուն ու շէնքի բաժանումներուն ծանօթացան։ Յետոյ տօնական մթնոլորտի մէջ խմբուեցան սեղաններու շուրջ եւ հաճելի ժամանակ անցուցին միասին։ Աշակերտներէն շատեր հետաքրքրուեցան Տարրական բաժինի գրադարանէն ներս գտնուող գիրքերով։ Ծնողները որոշ ժամանակ իրենց զաւակներուն հետ մնացին. յետոյ հանդիպում-զրոյցի մը ընթացքին ծանօթացան Տարրական բաժինի օրէնքներուն եւ կրթական կեանքին։ Կրթական տեսուչ, փոխ տնօրէն Հուրի Եափուճեան ծնողներուն խօսեցաւ Ճեմարանէն ներս նոր հիմնուած ուղղամանկավարժական գրասենեակին կարեւորութեան ու անհրաժեշտութեան մասին եւ ներկայացուց դպրոցին երկու ուղղամանկավարժները (orthopédagogue)՝ Մարիա Պիլէմճեան եւ Ալին Նաքքաշեան։ Բոլորը մեկնեցան ուրախ, յաջող վերամուտի ու տարեշրջանի մը ակնկալիքով։