ԿՐԹԱԿԱՆ ԱՍՊԱՐԷԶԻ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ՕՐԵՐ

2011-2012 ուսումնական տարեշրջանի պատրաստութեան աշխատանքային հանդիպումները սկսան Չորեքշաբթի 22 Յունիսին եւ աւարտեցան 4 Յուլիսին: Այս աշխատանքներուն մասնակցեցան Ճեմարանի բոլոր ուսուցիչները, հսկիչները, երբեմն նաեւ վարչական աշխատանք կատարողները։ Տասնօրեայ աշխատանքները ընդգրկեցին Ճեմարանի կրթական ծրագիրներու խմբագրման գործնական աշխատանքներ, ինչպէս նաեւ՝ կրթական մարզին հետ առնչուող հրատապ հարցեր եւ տեսական նիւթեր: Կրթական տեսուչ, փոխ տնօրէն Հուրի Եափուճեան ներկայացուց ուսումնական ասպարէզի զարգացման հետեւեալ լսարանները. -Ինչո՞ւ եւ ի՞նչպէս այժմէականացնել Ճեմարանի Ուսումնական Ծրագիրները -Ի՞նչպէս ծրագրել աշակերտին բերանացի արտայայտութեան ամրապնդումը -Բարոյական դիմագիծը կրթական ասպարէզին մէջ -Դասարանը կառավարելու ձեռնհասութիւնը -Գիտական ընթացակարգի կիրարկումը մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդական -Ի՞նչպէս կատարել աշակերտին արդար արժեւորումը Իւրաքանչիւր նիւթի մատուցման ընթացքին առիթ տրուեցաւ հարցումներու, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում։ Այս հանդիպումներուն ընթացքին, երկու օր յաջորդաբար բոլոր բաժիններու ուսուցիչները հետեւեցան «թուային գրատախտակ»-ի (smart board) օգտագործման յատուկ դասընթացքի մը։ Իւրաքանչիւր օրուան աւարտին, մէկ ժամուան տեւողութեանբ, համակարգիչի խտացուած տարբեր դասընթացքներ տեղի ունեցան՝ ըստ ուսուցիչներուն կարիքներուն եւ պահանջին (սկսնակ թէ յառաջացեալ մակարադակներով)։ Հետաքրքրական էին ուսուցիչներու կողմէ ներկայացուած հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներու, գիտութեան եւ աշխարհագրութեան նիւթերու դասաւանդման հատուածներու ներկայացումները, որոնք ուսուցիչներու փորձառութիւնները մէկտեղելով առիթ ստեղծեցին առողջ քննարկման։ Աշխատանքային հանդիպումներուն ընթացքին լայն ժամանակ տրամադրուեցաւ բոլոր նիւթերու ծրագիրներու խմբագրման եւ վերախմբագրման, ինչպէս նաեւ՝ ծրագիրներու ուղղահայեաց համակարգումին։ Վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ քննարկումը անցնող տարեշրջանին կիրարկուած աշակերտի ընկերային կազմաւորման ծրագիրին եւ առաջարկներ եղան յառաջիկայ տարեշրջանին զայն կատարելագործելու համար։ Մշակոյթի, մարզական եւ կենսոլորտի արժեւորումը կատարելէ եւ կարծիքներու փոխանակումէ ետք, կազմուեցան համապատասխան յանձնախումբեր, վերամուտին ծրագրի նախագիծ մը ներկայացնելու յանձնառութեամբ։