«ՀԱՅԿԱԶՈՒՆՔ» ՀԱՄՈՅԹԸ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 20 Սեպտեմբեր 2011-ի կէսօրին, Գուսան Հայկազունի «Հայկազունք» համոյթի անդամները այցելեցին Ճեմարան։ Անոնք շրջեցան դպրոցի զանազան բաժանմունքները, հանդիպում ունեցան տնօրէնութեան հետ, այցելեցին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի արխիւներու գրասենեակ եւ տեսակցեցան պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի հետ։ Ճեմարանի միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտները «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ դիմաւորեցին հայրենի հիւրերը, որոնք բեմ բարձրացան եւ «Գետաշէն», «Պիտի գնանք», «Բարով եկար սիրուն կռունկ» ու «Հայեր միացէ՛ք» երգերով խանդավառեցին աշակերտները։