ՈՒՂՂԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ԼՍԱՐԱՆ

Ճեմարանէն ներս նոր հիմնուած ուղղավարժական գրասենեակին գործունէութիւնը հունաւորելու նպատակով, տնօրէնութեան կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, 24 Սեպտեմբեր 2011-ին, «Տոքթ Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ուղղավարժական լսարան՝ մասնակցութեամբ ամբողջ ուսուցչական կազմին։ Նաթալի Այվազեան ներկայացուց դպրոցական հոգեբանի աշխատանքին բնոյթը եւ անոր կապը ուղղաբանին (orthophoniste) եւ ուղղավարժին (othopédagogue) հետ։ Շաղիկ Կոկոնեան ներկայացուց ուղղաբանին աշխատանքին բնոյթը եւ անոր կապը ուղղավարժին հետ, իսկ Ազզա Շուէյքի խօսեցաւ ուղղավարժին աշխատանքին բնոյթին մասին։ Այնուհետեւ յաջորդաբար խօսք առին Ճեմարանի երկու ուղղավարժները՝ Մարիա Պիլէմճեան եւ Ալին Նաքքաշեան եւ ներկայացուցին իրենց աշխատելաձեւն ու պարագաներու ուսումնասիրութեան եղանակը, ապա պատասխանեցին իրենց ուղղուած հարցումներուն։ Ուղղավարժական լսարանի աւարտին տեղի ունեցաւ խմբական փորձ։