ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԻ ՅՈՒԼԻՍ ԱՄՍՈՒԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ

Մանկամսուրի ծրագիրը կ՚ընդգրկէ թէ՛ ազատ եւ թէ առաջնորդուած խաղեր, ըստ երեխաներու տարիքային խմբաւորումին եւ անոնց պահանջներուն։ Ամբողջ տարուան ընթացքին, մանկամսուրի փոքրիկները կը սորվին արտայայտուիլ, գիտակից կը դառնան իրենց ֆիզիքական կարողութիւններուն եւ կը սորվին զանոնք օգտագործել իրենց առօրեայ զբաղումներուն ու խաղերուն ընթացքին։ Յուլիս ամսուան ընթացքին մանկամսուրի ծրագիրը տարբեր բնոյթ մը կը ստանայ. Երկուշաբթի օրերը երեխաները կ՚ամրապնդեն իրենց ֆիզիքական կարողութիւնները մարզական խաղերու ընթացքին։ Երեքշաբթի օրերը փոքրիկները կը ծանօթանան խոհանոցային աշխատանքին՝ իրենց մասնակցութիւնը բերելով անուշեղէններու պատրաստութեան։ Չորեքշաբթին ամէնէն սպասուած օրն է. երկու մեծ լողաւազաններու մէջ երեխաները ուրախ ժամանակ կ՚անցընեն։ Հինգշաբթի ձեռային աշխատանքի օր է։ Ուրբաթ օրերը փոքրիկները առիթը կ՚ունենան հաճելի ժամեր անցընելու բնութեան գիրկը՝ ազատօրէն վազվզելով ու ցատկռտելով դպրոցի պարտէզներուն մէջ։ Ո՞վ չի փափաքիր մանկութեան օրերը վերապրիլ…։