ՔԱՅԼԱՐՇԱՒ ԴԷՊԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ
Հայկական Ցեղասպանութեան 97 ամեակի ձեռնարկներու ծիրին մէջ, Երկուշաբթի 23 Ապրիլ 2012-ի առաւօտեան ժամը 10։00-ին, Դ.էն ԺԲ. կարգերու աշակերտները հաւաքուեցան Ճեմարանի բացօթեայ բակը, ուրկէ պիտի սկսէր քայլարշաւը։ Դպրոցի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան անդրադառնալով քայլարշաւի խորհրդանշական արժէքին, ըսաւ. «Մեր նախահայրերը իրենց հայրենի երկրէն մինչեւ անապատի աւազները քալեցին։ Կրելով անոնց տանջանքին մէկ…