ՔԱՅԼԱՐՇԱՒ ԴԷՊԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ

Հայկական Ցեղասպանութեան 97 ամեակի ձեռնարկներու ծիրին մէջ, Երկուշաբթի 23 Ապրիլ 2012-ի առաւօտեան ժամը 10։00-ին, Դ.էն ԺԲ. կարգերու աշակերտները հաւաքուեցան Ճեմարանի բացօթեայ բակը, ուրկէ պիտի սկսէր քայլարշաւը։ Դպրոցի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան անդրադառնալով քայլարշաւի խորհրդանշական արժէքին, ըսաւ. «Մեր նախահայրերը իրենց հայրենի երկրէն մինչեւ անապատի աւազները քալեցին։ Կրելով անոնց տանջանքին մէկ աննշան բաժինը, քալելով պիտի երթանք մինչեւ մայրավանք, ուր պիտի կատարուի հոգեհանգիստ, Ցեղասպանութեան յուշակոթող-մատուռին դիմաց»։ Աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ու պատասխանատուներուն ընկերակցութեամբ քալեցին մինչեւ Մայրավանք, ուր կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի, Ս. Ստեփանոսի մատրան դիմաց լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն եւ տնօրէններուն հետ միասնաբար համախմբուուած իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն: Բոլոր աշակերտները ծաղիկներ եւ ծաղկեպսակներ զետեղեցին մատրան դիմաց։