ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՅԱՐԳԱՆՔԻ ՏՈՒՐՔԸ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԶՈՀԵՐՈՒՆ

Երկուշաբթի, 23 Ապրիլ 2012-ին, Տարրական բաժինի աշակերտները իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին ցեղասպանութեան զոհերուն՝ Ճեմարանի մուտքին գտնուող նահատակ գրագէտներու որմնաքանդակներուն առջեւ ծաղիկներ զետեղելով։ Անոնք նաեւ «Հայր Մեր»-ը աղօթեցին անմեղ զոհերու յիշատակին։ Նոյն օրը իւրաքանչիւր աշակերտ ստացաւ «puzzle» մը, զոր կազմելով պիտի ունենայ Պիքֆայայի յուշարձանին նկարը։