ԶԱՏԻԿԸ ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆԻ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 4 Ապրիլ 2012-ին, տարրական բաժինի աշակերտները դասարաններն ու դարանները մաքրելէ ետք, ուղղուեցան բակ, ուր Զատիկը նշեցին հաւկթախաղով։ Հաւկթախաղի ժամանակ տեղի ունեցաւ մաքրութեան մրցում։ Աշակերտները հաւկիթները կեղուեցին նախապէս պատրաստուած մեծ թուղթերու վրայ. անոնք փորձեցին բակը մաքուր պահել եւ յաջողեցան։ Մաքրութեան մրցումին յաղթական հռչակուեցան Բ. եւ Գ. դասարաններու աշակերտները. քաջալերանքի եւ գնահատանքի արժանացան Ա. դասարաններու աշակերտները։ Յաղթական աշակերտները ստացան «Շատ-շատ ապրիս» գրութեամբ բարենիշներ, իսկ Ա. դասարաններու աշակերտները ստացան «Շատ ապրիս» գրութեամբ բարենիշներ։