ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ

Չորեքշաբթի, 4 Ապրիլ 2012-ին, հայերէն լեզուի դասանիւթի ծիրէն ներս, Դ. դասարաններու աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանք։ Այցելութեան նպատակն էր կրօնագիտական եզրերու ծանօթացումը։ Հայր Պետրոս աշակերտները ծանօթացուց եկեղեցւոյ զանազան բաժիններուն եւ եկեղեցական իրերուն, ապա աշակերտները Հայր Պետրոսի ձեռամբ ստացան Սուրբ հաղորդութիւնը։