ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐԸ ԿԸ ՆՇԵՆ ՎԱՐԴԱՆԱՆՔԸ

Երկուշաբթի, 24 Փետրուար 2014-ին, մանկապարտէզի փոքրիկները Քաջ Վարդանի զինուոր դառնալու փափաքով տոգորուած՝ տողանցեցին մանկապարտէզի բակին մէջ: Փոքրիկները իրենց գլխուն կը կրէին Քաջ Վարդանին թագերը: Անոնք մեծ խանդավառութեամբ արտասանեցին, երգեցին Վարդանի ու Աւարայրի ճակատամարտին նուիրուած երգեր եւ պարեցին հայկական պարեր:

«PORTES OUVERTES»

Հինգշաբթի, 20 Փետրուար 2014-ին Մանկապարտէզի կանաչ դասարաններու ծնողները առիթը ունեցան առաւօտեան ժամը 8։00-էն 10:00 իրենց զաւակներուն հետ մտնելու դասարան եւ դիտելու հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներու դասապահերը։ Այս հանդիպումը առիթ կու տայ ծնողներուն ծանօթանալու դպրոցի եւ դասարանի մթնոլորտին, ինչպէս նաեւ՝ դասանիւթերու մատուցման ձեւերուն։

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՄԵԼԱՆՔԹՈՆ ԵՒ ՀԱՅԿ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ 25-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ

Նախագահութեամբ եւ ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Կիրակի, 23 Փետրուար 2014-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին մէջ արժանաւոր կերպով եւ մեծ շուքով նշուեցաւ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի 25-ամեակը: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ներկայացուեցաւ տեսերիզ մը, որուն ընդմէջէն Ճեմարանի…

Sed ut perspiciatis unde omnis iste natus error sit

Lorem ipsum dolor sit amet, consectetur adipiscing elit. Sed suscipit ligula ut dolor imperdiet accumsan. Fusce euismod, ante a imperdiet blandit, nulla justo porttitor mauris, eu consequat massa dolor nec ex. Phasellus vel eleifend lacus, vitae auctor neque. Vestibulum a magna ac neque finibus sollicitudin a egestas augue….

ԱՐՍԼԱՆԵԱՆՆԵՐԸ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 21 Փետրուար 2014-ին Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը, Ճեմարանի Տնօրէնութիւնը, խնամակալութինը, ուսուցիչներն ու պաշտօնեաները հիւրընկալեցին Արսլանեան Ճեմարանի 25 ամեակին առիթով յատուկ Լիբանան ժամանած Տէր եւ Տիկին Րաֆֆի Արսլանեաները եւ Տէր եւ Տիկին Ատոմ ու Սելլա Թնճուկեանները: Ճեմարանի գրադարանին մէջ ուսուցչական կազմին հետ հանդիպումէ մը ետք, այցելուները տնօրէնութեան ընկերակցութեամբ շրջեցան…

ԶՐՈՅՑ ՊԱՐՏԷԶԻՆ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 19 Փետրուար 2014-ին, Ը. դասարաններու աշակերտները իրենց դաստիարակներուն, բաժնի պատասխանատուին եւ ընկերային ծառայողին ընկերակցութեամբ հաւաքուեցան մանկապարտէզի պարտէզը, ուր արծարծեցին կրթական եւ ընկերային մտահոգութիւններ: Աշակերտները խօսեցան զիրենք տագնապեցնող հարցերուն շուրջ եւ ստացան լուսաբանական պատասխաններ:

ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ

Չորեքշաբթի, 19 Փետրուար 2014-ին, L.I.U. համալսարանէն ներկայացուցիչներ ԺԲ. դասարաններու աշակերտներուն խօսեցան համալսարան մուտքի պայմաններուն եւ տարբեր մասնագիտութիւններուն մասին: Ներկայացման աւարտին անոնք տետրակներ նուիրեցին աշակերտներուն:

NULL

Յարգելի բարեկամ, Սոյն նամակով կը դիմենք ձեզի, ներկայացնելու համար Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի 2012-ի շրջանաւարտներէն Յակոբ Հաճաքեանի առողջական բարդ պարագան: Յակոբը, որ այժմ 20 տարեկան է, 2013-ի Յուլիս ամսուն, տունէն դէպի համալսարան ճամբուն վրայ ենթարկուեցաւ ինքնաշարժի արկածի մը, որուն հետեւանքով անդամալուծուեցաւ: Այդ օրէն ի վեր, ան նոյն…

«ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՐԲԵՐԸ»

Ուրբաթ, 24 Յունուար 2013-ի առաւօտեան, երկրորդական բաժինի ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու աշակերտները ներկայ գտնուեցան Պարէտ Մարոնեանի «Ցեղասպանութեան որբերը» («Օրֆընզ աֆ տը ճենոսայտ») վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութեան՝ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:

ԼԵՎԱՄ-ի Ճատրակի մրցաշարքի վարժարաններու խմբային դասաւորման մէջ Ճեմարանը՝ առաջին

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած ճատրակի մրցաշարքը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 19 Յունուար 2014-ին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ` մասնակցութեամբ 108 աշակերտ-աշակերտուհիներու: Ճեմարանը առաջին հանդիսացաւ վարժարաններու խմբային դասաւորման մէջ: Ստորեւ Ճեմարանի մրցանակակիր աշակերտներուն անունները. 8 տարեկան եւ վար տղաք՝ Նիքոլա Մուրատեան (երկրորդ) եւ Հայկ…

«ՄՕՐԱՔՈՅՐԸ՝ ՓԱՐԻԶԷՆ»

Ուրբաթ, 17 Յունուար 2014-ին, Միջնակարգի Թ. դասարանի եւ երկրորդական բաժնի աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ ներկայ գտնուեցան «Մօրաքոյրը` Փարիզէն» կատակերգութեան ներկայացման: Աշակերտները մեծ հաճոյքով դիտեցին ներկայացումը եւ գոհունակութեամբ վերադարձան դպրոց: