ԺՈՂՈՎ-ԶՐՈՅՑ ՄԱՆԿԱԲՈՅԺԻՆ ՀԵՏ

Շաբաթ, 14 Ապրիլ 2012-ին, կազմակերպութեամբ Ճեմարանի տնօրէնութեան եւ Մանկամսուրի անձնակազմին, տեղի ունեցաւ ժողով-զրոյց մը մանկաբոյժ Տոքթ. Պերճ Տաքեսեանին հետ։ Հանդիպման ընթացքին, մանկաբոյժը կարեւոր տեղեկութիւններ փոխանցեց փոքրիկներու սննդականոնին եւ առողջապահութեան մասին, թէ ի´նչպէս ծնողք-ուսուցիչ գործակցաբար պէտք է միջոցառումներու դիմեն փոխանցիկ հիւանդութիւննեըը կանխարգիլելու մանկամսուրէն ներս, եւայլն…։ Հանդիպման աւարտին Տոքթ. Տաքեսեան պատսխանեց ծնողներուն հարցումներուն։