ԶԱՏԻԿԸ ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻՆ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի,4 Ապրիլ 2012-ին, Նորսիկեան մանկարպարտէզի աշակերտները տօնեցին Ս. Զատիկը իրենց ծնողներուն ներկայութեամբ: Փոքրիկները մեծ խանդավառութեամբ երգեցին ու պարեցին նապաստակին, աքլորին ու ծաղրածուին ընկերակցութեամբ, ապա բոլորը ուղղուեցան պարտէզ, ուր տեղի ունեցաւ հաւկթախաղը: Իւրաքանչիւր դասարանի փոքրիկները իրենց ծնողներուն հետ սեղաններու շուրջ բոլորուած հաւկիթ խաղացին եւ կերան իրենց պատրաստած չէօրէկը: Փոքրիկները այնուհետեւ մեկնեցան զատկուան արձակուրդի։