ՄՆԱՍ ԲԱՐՈՎ ՃԵՄԱՐԱՆ

Հինգշաբթի, 19 Ապրիլ 2012-ի երեկոյեան Ճեմարանի բացօթեայ խաղավայրին մէջ, տեղի ունեցաւ աւարտական դասարանի աշակերտներուն կազմակերպած հրաժեշտի ընթրիք-խրախճանքը՝ տնօրէնութեան, պաշտօնէութեան եւ ուսուցիչներու ներկայութեամբ ։ Ուրբաթ, 20 Ապրիլի առաւօտեան աշակերտները հաւաքուեցան դպրոցի մուտքին՝ «Մեր բոլորիս դուն ուխտավայր Ճեմարան» գրութիւնը կրող տարազներով։ Անոնք կանչերով ու երգերով դիմաւորեցին աշակերտութիւնն ու անձնակազմը։ Ժամը 8։00-ին, աւարտականները մեկնեցան դէպի Ն.Փ. Ճեմարան, ուր Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի կիսանդրիներուն առջեւ երգեցին Ճեմարանի քայլերգը։ Ապա այցելեցին Ֆըրըն Շըպպէքի գերեզմանատան մէջ գտնուող Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի դամբարանները։ Աշակերտները այնուհետեւ ուղղուեցան դէպի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատուն այցելելու նախկին տնօրէն Հրաչ Տասնապետեանի եւ իրենց վաղամեռիկ դասընկերուհի Սիլվի Պեսնիլեանի դամբարանները։ Աւարտականները դպրոց վերադառնալէ ետք, ուղղուեցան դէպի իրենց դպրոցական ուղիի առաջին հանգրուան՝ Նորսիկեան մանկապարտէզ եւ հրաժեշտ տուին փոքրիկներուն։ Օրուան աւարտին, ժամը 1։00-էն ետք, դասերը կանգ առին դպրոցին մէջ։ Աւարտականները պարերով եւ ուրախ կանչերով բոլոր աշակերտներուն ներկայութեան ՑՏԵՍՈՒԹԻՒՆ ըսին «բոլորին սիրելի ուխտավայր Ճեմարանին»։