ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Շաբաթ, 31 Մարտ 2012-ին տեղի ունեցաւ Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տարեկան ճաշկերոյթը: Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ ի նպաստ Ճեմարանի սաներու ֆոնտին հանգանակուեցաւ 110 000 ԱՄՆ տոլար, որուն 50 000 տոլարը նուիրեցին ճաշկերոյթը նախագահող Տէր եւ Տիկին Վահէ եւ Նորա Եագուպեանները: Ճաշկերոյթի ընթացքին, գեղարուեստական բաժինով ճեմարանական Իվոն Այվազեանի երգերն ու Ճեմարանի շրջանաւարտներէ բաղկացած Կարապալա նուագախումբի կատարումները ոգեւորեցին ներկաները՝ ստեղծելով Ճեմարանի յատուկ հայաշունչ մթնոլորտ մը, որմէ խորապէս ներշնչուած ամերիկահայ հիւրեր Տէր եւ Տիկին Հէրի եւ Շըրլի Նաճարեաններ նուիրեցին 10 000 ԱՄՆ տոլար։ Ճեմարանի հայակերտման առաքելութեան ուղին հարթելու եւ դպրոցին յարատեւ վերելքին սատար կանգնելու նպատակով կազմակերպուած ճաշկերոյթը աւարտեցաւ մեծ յաջողութեամբ: Վարձքը կատար նախաձեռնողներուն, կազմակերպողներուն ու գործնականացնողներուն եւ շնորհակալութիւն նիւթական թէ բարոյական գետնի վրայ կրթական այս հաստատութեան նեցուկ կանգնող՝ ճաշկերոյթին ներկայ եւ բացակայ Ճեմարանի մեծ ընտանիքին: Տնօրէնութիւն