ԱՌՈՂՋ ՍՆՆԴԱՌՈՒԹԻՒՆ

Ե. դասարանի գիտութեան ծրագրին ընդմէջէն աշակերտները ծանօթացան առողջ սննդառութեան կարգ մը կանոններու։ Աշակերտներուն գիտելիքները ամրապնդելու նպատակով, Հինգշաբթի, 19 Ապրիլ 2012-ին,Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի Հանրային Առողջապահութեան բաժանմունքէն Թամար Հաշէօլեան հրաւիրուեցաւ դպրոց եւ յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցեց աշակերտներուն։ Յիշեալ նախաձեռնութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Ե. դասարանի աշակերտներուն ծնողները։