ՆԱՄԱԿ՝ ԱՆԱՆԻԱ ՇԻՐԱԿԱՑԻ ՃԵՄԱՐԱՆԷՆ

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի եւ Երեւանի «Անանիա Շիրակացի»ի անուան Ճեմարանի միջեւ համագործակցութեան ծիրին մէջ, նախապէս հաղորդած էինք 6 Փետրուարէն 15 Փետրուար 2012, Երեւանէն երկու ուսուցիչներու՝ Աշխէն Գրիգորեանի եւ Արթուր Գաբրիէլեանի հիւրընկալութիւնը Ճեմարանի մէջ։ Յետ այս այցելութեան, Անանիա Շիրակացի Ճեմարանի Ծնողական Խորհուրդը Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութեան ուղղուած իր նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Մեր ուսուցիչները ապրեցան անմոռանալի պահեր ու զգացին մեր ազգի հզօրութիւնը»։ Ստորեւ կը փոխանցենք ուսուցիչներու այս գործուղումը արժեւորող ու երախտագիտական խօսքեր այտայատող Անանիա Շիրակացի Ճեմարանի տնօրէնութեան կողմէ ստացուած գրութիւնը. Թանկագին Պարոն Տիգրան Ճինպաշեան, Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ, Ճեմարանի տնօրէնութեան եւ աշխատակիցների կողմից մեր խորին երախտագիտութիւնն ենք յայտնում Ձեզ, Արսլանեան Ճեմարանի մեր գործընկերներին, ինչպէս նաեւ լիբանանահայ մեր բոլոր քոյրերին ու եղբայրներին՝ Երեւանի Անանիա Շիրակացու անուան Ճեմարանի ուսուցիչներ Աշխէն Գրիգորեանին եւ Արթուր Գաբրիէլեանին Լիբանանում ջերմօրէն հիւրընկալելու եւ գործուղումն առաւել արդիւնաւէտ կազմակերպելու եւ իրականացնելու համար։ Մեր ուսուցիչներին հնարաւորութիւն է ընձեռուել ոչ միայն ծանօթանալու ուսումնական ծրագրերին, դասաւանդման բազմազան եւ հետաքրքիր մեթոտներին, այլեւ անմիջական մասնակցութիւն ունենալու դասընթացներին, հետաքրքիր միջոցառումներին, ինչը նպաստել է մեր ունեցած փորձի առաւել հարստացմանը։ Մեր ուսուցիչները վերադարձել են Հայաստան տպաւորուած լիբանանահայ համայնքի հոգեւոր հարստութեամբ, Արսլանեան Ճեմարանի ուսուցիչների՝ աշխատանքի հանդէպ ունեցած նուիրուածութեամբ, հայեցի դաստիարակութիւն իրականացնելու անսահման կարողութիւններով եւ ջերմեռանդութեամբ։ Կարծում ենք՝ այս գործուղումը եւս մի քայլ էր հայութեան երկու հատուածների, մասնաւորապէս՝ Արսլանեան եւ Անանիա Շիրակացու քոյր Ճեմարանների մերձեցման գործում։ Մենք պատրաստ ենք փոխանցել մեր փորձը Սփիւռքի ամենանշանաւոր եւ կազմակերպուած գաղթօճախներից մէկի՝ լիբանանի համայնքի հայապահպանութեան եւ ազգանուէր գործի իրականացմանը, յատկապէս կրթութեան ասպարէզում։ Յոյսով ենք եւ համոզուած, որ մեր համագործակցութիւնը կը կրի շարունակական բնոյթ եւ կը դառնայ աւանդոյթ։ Երեւանի Անանիա Շիրակացու անուան Ճեմարանի Տնօրէն՝ Աշոտ Ալիխանեան Ուսուցիչներ՝ Աշխէն Գրիգորեան եւ Արթուր Գաբրիէլեան 27 Մարտ, 2012