ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԻ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ՕՐ
Ուրբաթ, 20 Մայիս 2016-ին, տեղի ունեցաւ մանկամսուրի անձնակազմին մանկավարժական կազմաւորումի օրը: Կազմաւորումը ընթացաւ երեք հանգրուանով. Նախ, ուղղավարժ (orthopédagogue) Օրդ. Արազ Քալաշեան բացատրեց Մարիա Մոնթեսորիի հիմնած դպրոցին սկզբունքները, ուր շեշտը կը դրուի զգայարանքներով շրջապատը ընկալելու կարեւորութեան վրայ: Այս ձեւը մեծապէս կը նպաստէ մանուկներու լեզուական աճին եւ հոգեշարժիչ հմտութիւններու (psychomotricité)…