ՍԵՌԱՅԻՆ ԵՒ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, Մայիս 2016-ին տեղի ունեցան հետեւեալ դասախօսութիւնները.

-ԺԱ. դասարան՝ սեռային դաստիարակութիւն (Տոքթ. Վիգէն Նանէճեան, կանացի հիւանդութիւններու մասնագէտ) եւ ընկերային դաստիարակութիւն (Տոքթ. Վարուժան Պետիրեան, վիրաբոյժ):  

-Ժ. դասարան՝ սեռային դաստիարակութիւն (Տոքթ. Վարուժան Պետիրեան, վիրաբոյժ)

-Է. եւ Ը. դասարաններ՝ ըկերային դաստիարակութիւն (Վերապատուելի Հրայր Չոլաքեան, Հայ Աւետ. Ա. Եկեղեցւոյ հովիւ)

-Է. դասարան՝ սեռային դաստիարակութիւն (Տոքթ. Պերճ Տաքեսեան, մանկաբոյժ)

-Ե. դասարանի աղջիկներ՝ սեռային դաստիարակութիւն (Տիկ. Սիլվա Քիւրքճեան, Ճեմարանի ընկերային ծառայող)

Վերոյիշեալ սեռային դաստիարակութիւնները կը միտին աշակերտները լուսաբանելու իրենց տարիքի մարմնային փոփոխութիւններուն եւ աշակերտին վրայ անոնց ունեցած ազդեցութեան մասին, ինչպէս նաեւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ մղելու աշակերտը արտայայտուելու այդ նիւթին շուրջ եւ ստանալու իր հարցումներուն պատասխանները:

Ընկերային դաստիարակութիւնները կը միտին աշակերտները մղելու ընկերային առողջ փոխ յարաբերութիւններու, ինչպէս նաեւ շեշտելու կեանքի առաջին հանգրուանին զանազան մարզերու մէջ ճիշդ ընտրութիւններ կատարելու կարեւորութիւնը: