ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԻ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ՕՐ

Ուրբաթ, 20 Մայիս 2016-ին, տեղի ունեցաւ մանկամսուրի անձնակազմին մանկավարժական կազմաւորումի օրը:

Կազմաւորումը ընթացաւ երեք հանգրուանով.

Նախ, ուղղավարժ (orthopédagogue) Օրդ. Արազ Քալաշեան բացատրեց Մարիա Մոնթեսորիի հիմնած դպրոցին սկզբունքները, ուր շեշտը կը դրուի զգայարանքներով շրջապատը ընկալելու կարեւորութեան վրայ: Այս ձեւը մեծապէս կը նպաստէ մանուկներու լեզուական աճին եւ հոգեշարժիչ հմտութիւններու (psychomotricité) զարգացման:

Ապա, մանկավարժ Տիկ. Սօսէ Ճինպաշեան խօսեցաւ լեզուական աճը խաղիկներու, երգերու եւ պատմութիւններու ընդմէջէն զարգացնելու կարեւորութեան մասին: Մանուկներով զբաղող անձնակազմին կեցուածքը, վարուելակերպը, ստեղծագործ ոգին եւ դերասանական ունակութիւնները հիմնական դեր կը խաղան մանուկներուն ամբողջական կազմաւորման մէջ:

Վերջապէս, ուղղախօս (orthophoniste) Օրդ. Թալին Աւագեան շեշտը դրաւ զգայարանքներով շրջապատը հասկնալու կարեւորութեան վրայ: Դասարանին մէջ խաղային այլազան անկիւններու ստեղծումը, ինչպէս նաեւ տառերու, բառերու եւ պատկերներու մնայուն ներկայութիւնը պատերուն վրայ մեծապէս կը խթանեն փոքրիկներուն մտածելու կարողութիւնները: