ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻՆ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 27 Մայիս 2016-ին, մանկապարտէզի մոկլիները եւ աշակերտները եռագոյն դրօշակներով հաւաքուեցան իրենց բակը, ուր մանկապարտիզպանուհի Թալին Եահնիեան Լիբանանի եւ Հայաստանի դրօշակներուն մասին խօսեցաւ՝ իւրաքանչիւրին խորհրդանիշը բացատրելով:

Փոքրիկները երգեցին Հայաստանի քայլերգին առաջին տունը, ապա՝ «Ի զէն հայեր»ը: Այնուհետեւ ուսուցիչները երգեցին «Սարդարապատ»ը, որմէ ետք Թալին Եահնիեան աշակերտներուն թելադրեց սիրել զիրար եւ միասնաբար աշխատիլ լաւ մարդիկ ու լաւ հայեր ըլլալու համար:

Խորհրդանշական այս հաւաքէն ետք փոքրիկները վերադարձան իրենց դասարանները: