ԳՆԱՀԱՏԵԼԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
Նախակրթարանի Ե. դասարանի բնապահպանութեան խմբակը բոլոր դասարաններուն բոյս նուիրեց՝ շիշեր վերագործածելով:
Նախակրթարանի Ե. դասարանի բնապահպանութեան խմբակը բոլոր դասարաններուն բոյս նուիրեց՝ շիշեր վերագործածելով:
Հինգշաբթի, 11 Դեկտեմբեր 2014-ին, տարրականի եւ նախակրթարանի աշակերտները ներկայ գտնուեցան Համազգայինի «Արեգ» թատերախումբի «Ոսկի Խնձորը» ներկայացումին՝ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ: Ներկայացման իրենց մասնակցութիւնը բերին Ճեմարանի հետեւեալ աշակերտները՝ Վահան Մանիսաճեան, Քրիստոֆ Մաքտեսեան, Կարէն Աֆարեան, Սեւակ Զարմէնեան, Լոռի Խաչատուրեան, Լիլա Մաքտեսեան, Նանար Այնթապլեան, Մարիա Գափլանեան, Կարէն Ճինպաշեան, Կարէն Խիւտավերտեան,…
Ժ. Դասարանէն 16 աշակերտներ կը մասնակցին LAU համալսարանի կազմակերպած MUN-ի (Model United Nations) միջդպրոցական վարժութիւններուն: ՄԱԿ-ի կառոյցները ուսումնասիրելով, աշակերտները կը սորվին դիւանագիտական, քաղաքական կեցուածքի, հրապարակախօսութեան եւ այլ ունակութիւններ՝ ընկալելով աշխարհաքաղաքական ոլորտին վերաբերող բարդ յարաբերութիւնները: Այս աշխատանքները սկսան 29 Նոյեմբեր 2014-ին եւ պիտի աւարտին 31 Մարտ 2015-ին: Յաջողութիւն կը…
Ծնողական Խորհուրդին կազմակերպած «Նոր Տարուան Պազար»ի բացումը կատարուեցաւ Հինգշաբթի, 11 Դեկտեմբեր 2014-ի առաւօտեան ժամը 10-ին, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ: Մանկապարտէզի աշակերտները ելոյթ ունեցան կաղանդի երգերով եւ պարեցին «կաղանդ պապա»ներուն հետ, ապա փոքրիկները իրենց ծնողներուն ընկերակցութեամբ վայելեցին պազարին ճոխ մթնոլորտը եւ ճաշակեցին համեղ ուտելիքները: Պազարը բաց կը մնայ…
Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին, աջակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի փինկ փոնկի յանձնախումբին, Կիրակի, 7 Դեկտեմբեր 2014-ին տեղի ունեցաւ ԼԵՎԱՄ-ի փինկ փոնկի մրցաշարքը: Մրցումի աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: Ստորեւ Ճեմարանի մրցանակակիր աշակերտներուն անունները. 2003 / 2004-ի ծնունդ աղջիկներ՝ Թիլա Պլըտեան (առաջին), Ինեսսա Քեչէք (երկրորդ), Սվետլանա Միքայէլեան եւ Լորի Պէրպէրեան…
Երեքշաբթի 2 Դեկտեմբեր 2014-ին, մանկապարտէզի կապոյտ դասարաններու աշակերտները այցելեցին «Bou Khalil» եւ ծանօթացան հանրախանութի տարբեր բաժիններուն: Չորեքշաբթի առաւօտեան, նախաճաշի պահուն, աշակերտները մեծ ուրախութեամբ ճաշակեցին իրենց գնած սննդարար ուտելիքները:
Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին եւ գործակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի աթլեթիզմի յանձնախումբին, Կիրակի 23 Նոյեմբեր 2014-ին, առաւօտեան ժամը 8:00-էն 9:30 տեղի ունեցաւ ԼԵՎԱՄ-ի 2014-2015 տարեշրջանի քրոսը` Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ: Մրցումի աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: Ստորեւ Ճեմարանի մրցանակակիր աշակերտներուն անունները. 2001-2002-ի ծնունդ աղջիկներ՝ Լէա Պուտաքեան (երկրորդ) –…
Կը շնորհաւորենք Զ. դասարանի աշակերտներէն Անտրու Գարամինասեանը, որ յաղթելէ ետք «Taekwondo» -ի կարմիր գօտիներու մրցաշարքին, շահեցաւ Լիբանանի ախոյեանութիւնը եւ տիրացաւ սեւ գօտիին:
Հինգշաբթի, 27 Նոյեմբեր 2014-ին կապոյտ դասարաններու աշակերտները այցելեցին դպրոցին մօտակայ յարկաբաժին մը, դիտելու տան զանազան բաժանումները եւ ամրապնդելու համար դասարանէն ներս իրենց սորվածները։ Այցելութեան աւարտին տանտիկինը քաղցրեղէն հրամցուց աշակերտներուն։
Ուրբաթ, 28 Նոյեմբեր 2014-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին,Գուրունֆուլ ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ճեմարանի Ծնողական Խորհուրդին կազմակերպած նախաճաշը («Brunch»): Ներկաները հաճելի ժամանակ անցուցին մտերմիկ մթնոլորտի մէջ:
Հինգշաբթի, 27 Նոյեմբեր 2014-ին, նախակրթարանի Ե. դասարաններու ընկերային յանձնախումբերուն կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ նախաճաշ՝ դաստիարակ ուսուցիչներուն հսկողութեամբ եւ օժանդակութեամբ: Նախաճաշին ընթացքին, ընկերային ծառայող Սիլվա Քիւրքճեան աշակերտներուն խօսեցաւ դպրոցէն ներս յայտնուող ընկերային անհասկացողութիւններուն մասին, որոնք երբեմն անհիմն կ’ըլլան: Նիւթը զարգացաւ զրոյցի, բեմականացման եւ կարծիքներու փոխանակման ընդմէջէն, եւ զանազան առաջարկներ ներկայացուեցան…
Երեքշաբթի, 25 Նոյեմբեր 2014-ին մանկամսուրի, մանկապարտէզի եւ տարրական բաժինի Ա. եւ Բ. դասարաններու աշակերտները ներկայ գտնուեցան «NOEL ET MILLE MERVEILLES» ֆրանսերէն լեզուով երաժշտախառն ներկայացումին: