ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՇՐՋՈՒՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածի նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ, մանկապատանեկան գիրքերու եւ դաստիարակչական խաղերու շրջուն ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ Ճեմարանի մէջ, Ուրբաթ,13 Մայիս 2016-ին։

Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ դիտեցին ու թղթատեցին իրենց ծանօթ եւ անծանօթ գիրքերը, ապա գնեցին իրենց նախասիրած գիրքերը: