ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ

Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, Հինգշաբթի 12 Մայիս 2016-ին, զօրավար Նազօ Գաբրիէլեան Ժ. դասարանի աշակերտներուն խօսեցաւ սպայից վարժարանի մասին: Ան ներկայացուց մուտքի պայմանները, ընթացքը եւ այն բազմաթիւ առաւելութիւնները, որոնք կը տրուին սպայից վարժարան աւարտողներուն:

Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան դասախօսութեան, որուն աւարտին հարցումներ ուղղեցին եւ լուսաբանութիւններ ստացան: