ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «EXOTICA»

Չորեքշաբթի, 18 Մայիս 2016-ին, Նորսիկեան մանկապարտէզի կանաչ դասարանի աշակերտները «EXOTICA» այցելութեամբ հրաժեշտ տուին իրենց «կանաչ» տարեշրջանին եւ մանկապարտէզին:

Փոքրիկները իրենց ուսուցչուհիներուն ընկերակցութեամբ հաճելի օր մը անցուցին դիտելով բոյսերը, ծաղիկներն ու ծառերը, ապա ուրախ ու խանդավառ վերադարձան դպրոց: