ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ ՆՇՈՒՄ

Ուրբաթ, 27 Մայիս 2016-ի առաւօտեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական ընտանիքին մաս կազմող Ճեմարանի աշակերտները դպրոց ներկայացան իրենց սկաուտական տարազներով եւ բացօթեայ խաղավայրին մէջ խմբուեցան իրենց յատուկ շարքերով՝ գայլիկ-արծուիկ, արի-արենոյշ, երէց-պարմանուհի։

Տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն, որմէ ետք Հ.Մ.Ը.Մ.-ի խօսքը ընթերցեց քոյր Լոռի Սարգիսեան։ Ապա խօսք առաւ Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան, որ նախ անդրադառնալով Ճեմարանի մուտքին Հայաստանի հանրապետութեան եռագոյն դրօշակին մնայուն գոյութեան, շեշտեց անոր ազգային խորհրդանիշ ըլլալու կարեւորութիւնը, ապա խօսեցաւ ազատութեան եւ անկախութեան կարեւորութեան մասին, յանուն այս երկուքին աշխարհի մէջ տեղի ունեցող պատերազմներուն մասին եւ վերջապէս ան յորդորեց աշակերտները ըսելով. «Ջանանք արժանի ըլլալ անկախութիւնը կերտած մարտիկներուն յիշատակին, պահելով այդ անկախութիւնը, պահպանելով մեր մշակոյթը եւ պայքարելով, ինչպէս որ վերջերս հայորդիներ կեանքերնին տուին Արցախի ազատութեան ու անկախութեան համար, շնորհաւո՛ր Մայիս 28»:

Ճեմարանի ընտանիքը Հայաստանի առաջին անկախութեան նուիրուած հանդիսութիւնը փակեց «Սարդարապատ» յաղթերգով։