ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԻ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ

Ճեմարանի մանկամսուրի 2017-2018 տարեշրջանը արդէն իսկ սկսած է ուրախ ու խանդավառ մթնոլորտով: Մանկամսուրէն ներս կատարուած նորութիւններուն մասին հետեւեցէ՛ք մեր լուրերուն յառաջիկայ շաբաթներուն:

ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի 2017-2018 տարեշրջանի վերամուտը տեղի ունեցաւ հետեւեալ հանգրուաններով. Սեպտեմբեր 12-ին  երկրորդական բաժինի, ինչպէս նաեւ միջնակարգի Թ. դասարանի աշակերտները արդէն իսկ վերադարձան դպրոց: Սեպտեմբեր 19-ին ամբողջացաւ միջնակարգի վերամուտը: Երեքշաբթի, 26 Սեպտեմբերը վերամուտն էր նախակրթարանի, իսկ Չորեքշաբթի՝ տարրականի բաժինի աշակերտներուն: Հինգշաբթի 28 Սեպտեմբերին, տարրական բաժինի Ա….

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻ ՆՇՈՒՄ

Ճեմարանի աւարտական դասարանի աշակերտները նախորդ տարուան նման կը շարունակեն ազգային եւ մշակութային տօներն ու յատկանշական իրադարձութիւնները նշելու իրենց յանձնառութիւնը: Չորեքշաբթի, 20 Սեպտեմբեր 2017-ի  առաւօտեան միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտներն ու ուսուցիչները հաւաքուեցան բակ, ուր Հայաստանի քայլերգին ունկնդրութենէն ետք, ԺԲ. դասարանէն Լալէ Չափարեան բարի վերամուտ մաղթեց բոլորին, ապա պատմական ակնարկով…

ՉՈՐՍ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ «ՃԻՄՆԱԶԻԱՏ-2017»-ԻՆ

Հինգշաբթի, 7 Սեպտեմբեր 2017-ին, կը սկսի արաբական դպրոցական մարմնամարզութեան Ա. ախոյեանութիւնը՝ «Ճիմնազիատ-2017»ը: Մասնակցող դպրոցականները բաժնուած են տարիքային երկու խմբակներու՝ 12 եւ 14 տարեկանէն վար տղաք եւ աղջիկներ: Յաջողութիւն կը մաղթենք այս ախոյեանութեան մասնակցող Ճեմարանի չորս աշակերտներուն՝ Քրիստ Պարսումեանին եւ Նարօտ Կիւրիւնլեանին (մարմնամարզութիւն), Շանթ Ահարոնեանին (գունդ նետել) եւ Լէա…

«ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ՊԱՐՏԷԶ»

Ուրբաթ, 25 Օգոստոս 2017-ին աւարտեցաւ Ճեմարանի «Ամառնային պարտէզ» դպրոցը, ուր յաճախեցին տարիքային երկու խմբաւորումներու բաժնուած երեխաներ: Երկու ամսուան ընթացքին երեխաները հետեւեցան դաստիարակիչ ծրագիրի մը, որ կ’ընդգրկէ   պատմութիւն, գիտական եւ թուաբանական գիտելիքներու խաղեր, հոգեշարժական աշխատանքներ, մարզական խաղեր, ձեռային աշխատանք, խոհանոցային հմտութիւններ, լողաւազան, պտոյտներ, եւայլն: Երեխաները «Ամառնային պարտէզ»ի ընկերական ջերմ…

ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի գրասենեակներուն ամէնօրեայ վերաբացումը տեղի կ՛ունենայ Երկուշաբթի, 4 Սեպտեմբեր 2017-ին: 2017-2018 տարեշրջանի լրացուցիչ արձանագրութիւնները կը շարունակուին: Գիրքերու եւ համազգեստի (մանկապարտէզը ներառեալ) վաճառքը կը կատարուի Երկուշաբթի, 11 Սեպտեմբերէն մինչեւ Երկուշաբթի, 18 Սեպտեմբեր 2017: Յառաջիկայ 2017-2018 տարեշրջանի վերամուտը տեղի կ՛ունենայ հետեւեալ կարգով. Թ., ԺԱ. եւ…

News & Events Լուսին Շիրինեան-Պէյքըր 40,000 տոլար կը նուիրէ Ճեմարանին եւ 10,000՝ «Ասպարէզ»ին

«Ասպարէզ».- Ֆրեզնոյէն հասած էր Հոլիվուտ, «Ասպարէզ»ի խմբագրութիւն: Նախապէս ժամադրուած էր, ապահովելու համար խմբագիրին ներկայութիւնը: «Նախ եւ առաջ, այս ծրարը կ՛ուզեմ յանձնել, բաժանորդագի՛նս է»,- ըսաւ «Ազդակ» եւ ապա «Ասպարէզ» թերթերուն մէջ խմբագրական ծանրագոյն ու երախտաշատ աշխատանք տարած Պարգեւ Շիրինեանի քոյրը՝ Լուսին Շիրինեան-Պէյքըրը: «Հիմա կ՛ուզեմ բացատրել, թէ ի՛նչ կ՛ուզեմ ընել:…