ԾԱՂԻԿԻՆ ԶԱՆԱԶԱՆ ՄԱՍԵՐԸ
Գիտութեան դասանիւթի ծիրէն ներս, տարրական բաժինի Գ. դասարանի աշակերտները ծանօթացան ծաղիկին զանազան մասերուն: Անոնք ծաղիկի մասին աշխատանքներ պատրաստեցին եւ ներկայացուցին իրենց ընկերներուն, ապա զանոնք զետեղեցին պատի թերթի վրայ:
ԿԱՐՄԻՐ ԳՈՅՆԸ
Նորսիկեան մանկապարտէզի վարդագոյն դասարանի աշակերտները սորվեցան կարմիր գոյնը: Անոնք այդ օրը դպրոց եկան կարմիր հագուած: Զանազան աշխատանքներ կատարելէ ետք, փոքրիկները իրենց հետ տուն տարին կարմիր խնձորներ:
«ՊԱՊԱ»ՆԵՐԸ ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՄԷՋ
Հինգշաբթի, 13 Հոկտեմբեր 2016-ին, կանաչ դասարաններու աշակերտներուն «պապա»ները այցելեցին մանկապարտէզ: Անոնք ծանօթացան իրենց զաւակներուն դասընկերներուն եւ դասարանին, ապա իւրաքանչիւրը ներկայացուց իր գործը: Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ճաշակելէ ետք փոքրիկներուն կողմէ նախօրօք պատրաստուած կրկնեփուկները, «պապա»ները ուրախ տրամադրութեամբ մեկնեցան դպրոցէն:
ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԱՅՆՃԱՐ
Ուրբաթ, 7 Հոկտեմբեր 2016-ին, տարրական բաժինի երկրորդ դասարանի աշակերտները այցելեցին Այնճար, որպէսզի գիտութեան «Ծանօթանանք պարտէզներուն» եւ ֆրանսերէնի «La forêt» դասերը սորվին: Աշակերտները դիմաւորուեցան Այնճարի քաղաքապետարանի անդամներուն կողմէ, ապա ուղղուեցան դէպի «Դալար Անկիւն» եւ շարունակեցին իրենց ճամբան դէպի Ս. Պօղոս եկեղեցի, ուր բացատրութիւններ ստացան խաչքարի մասին: Այնուհետեւ փոքրիկները…
OTV ԿԱՅԱՆԻ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՓԱՈՒԼԱ ԵՂԻԱՅԵԱՆԻ ՀԵՏ
OTV կայանի հարցազրոյցը Ճեմարանի տնօրէնուհի Փաուլա Եղիայեանի հետ կրնաք դիտել այստեղ:
ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆ
Ուրբաթ, 7 Հոկտեմբեր 2016-ի առաւօտեան, միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտները հաւաքուեցան իրենց բակը, ուր ԺԲ. դասարանէն Ալեք Էլպէքեան իր խօսքը փոխանցեց Թարգմանչաց տօնին առիթով: Ան ըսաւ. «Հայ ժողովուրդի ազգային-եկեղեցական ամէնէն սիրուած տօնն է Թարգմանչաց տօնը, որ կը նշուի Հոկտեմբեր ամսուան երկրորդ շաբաթ օրը: Հայաստանի զանազան շրջաններու մէջ այս…
ԱՏՈՄ ԵՒ ԱԼԼԱ ԶՈՀՐԱՊԵԱՆՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՃԵՄԱՐԱՆ
Երկուշաբթի, 3 Հոկտեմբեր 2016-ին Ճեմարան այցելեցին ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին հարենիքի սահմանները պաշտպանելու ընթացքին հերոսաբար նահատակուած Անդրանիկ Զոհրապեանի ծնողները` Ատոմ եւ Ալլա Զոհրապեանները: Տնօրէնութեան կողմէ հիւրընկալուելէ ետք, անոնք այցելեցին դպրոցին զանազան բաժինները, ապա գրադարանէն ներս հանդիպում ունեցան աւարտական դասարանի աշակերտներուն հետ: Ճեմարանի տնօրէնուհի Փաուլա Եղիայեան աշակերտներուն ներկայացուց հիւրերը, իսկ հիւրերուն…
ՎԵՐԱՄՈՒՏ
Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի 2016-2017 տարեշրջանի վերամուտը տեղի ունեցաւ հետեւեալ հանգրուաններով. Սեպտեմբեր 14-ին երկրորդական բաժինի, ինչպէս նաեւ միջնակարգի Թ. դասարանի աշակերտները արդէն իսկ վերադարձան դպրոց: Սեպտեմբեր 22-ին ամբողջացաւ միջնակարգի վերամուտը: Չորեքշաբթի, 28 Սեպտեմբերը վերամուտն էր տարրական բաժինի Բ. եւ Գ. դասարանի ու նախակրթարանի աշակերտներուն: Հինգշաբթի 29 Սեպտեմբերին,…
ԱՌԱՋԻՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ԾԱՆՕԹԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ-ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ
Երեքշաբթի, 27 Սեպտեմբեր 2016-ին Ա. դասարանի աշակերտները դպրոց եկան իրենց ծնողներուն հետ: Աշակերտները «մնաք բարով» ըսին մանկապարտէզի իրենց ուսուցչուհիներուն: Անոնք ծանօթացան տարրական բաժինի ուսուցիչներուն եւ իրենց «նոր» դպրոցի կառոյցին, իսկ ծնողները ծանօթացան տարրական բաժինի օրէնքներուն: Հիւրասիրութենէ եւ հաճելի ժամանցէ ետք, աշակերտները տուն գացին: Հինգշաբթի, 29 Սեպտեմբերի առաւօտեան Ա….
«Շատ մեծ հաւատք ունիմ հայ դպրոցին հանդէպ եւ կը հաւատամ, որ ամէն հայ մանուկ նախ եւ առաջ իր դաստիարակութիւնը պէտք է ստանայ հայկական վարժարանին մէջ»
Վերամուտի առիթով եւ դպրոցին մէջ նախատեսուած ծրագիրներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալու նպատակով «Ազդակ» հարցազրոյց մը կատարեց Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանին նոր տնօրէն Փաուլա Եղիայեանին հետ: Խօսելով Ճեմարանի հիմնադրութեան օրէն եկող եւ միշտ պահպանուող այն առաքելութեան մասին, որ Ճեմարանի յարկին տակ աշակերտը ո՛չ միայն լեզու եւ գիտութիւն կը…
ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ՕՐԵՐ
2016-2017 տարեշրջանի սեմին Ճեմարանի մանկապարտէզի ուսուցիչները մասնակցեցան երկու մանկավարժական հանդիպումներու՝ Չորեքշաբթի 14-էն Հինգշաբթի 15 Սեպտեմբերին: Վարժանքները մատուցուեցան Սէն Ժոզէֆ համալսարանի Մանկավարժական Բաժանմունքի արհեստավարժ անձնակազմին կողմէ: Առաջին վարժանքը կը վերաբերի մանկապարտէզէն ներս խօսքի զարգացումին: Տիկ. Գօլէթ Աուն ներկայացուց խօսքի զարգացման հիմնարար սկզբունքները 3-էն 6 տարեկան երեխաներուն մօտ: Մանուկները տեսնելով,…