ԱՌԱՋԻՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ԾԱՆՕԹԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ-ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ

Երեքշաբթի, 27 Սեպտեմբեր 2016-ին Ա. դասարանի աշակերտները դպրոց եկան իրենց ծնողներուն հետ:

Աշակերտները «մնաք բարով» ըսին մանկապարտէզի իրենց ուսուցչուհիներուն: Անոնք ծանօթացան տարրական բաժինի ուսուցիչներուն եւ իրենց «նոր» դպրոցի կառոյցին, իսկ ծնողները ծանօթացան տարրական բաժինի օրէնքներուն:

Հիւրասիրութենէ եւ հաճելի ժամանցէ ետք, աշակերտները տուն գացին:

Հինգշաբթի, 29 Սեպտեմբերի առաւօտեան Ա. դասարանի աշակերտները ինքնավստահ քայլերով միացան տարրական բաժինի աշակերտներուն: