ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի 2016-2017 տարեշրջանի վերամուտը տեղի ունեցաւ հետեւեալ հանգրուաններով.

Սեպտեմբեր 14-ին  երկրորդական բաժինի, ինչպէս նաեւ միջնակարգի Թ. դասարանի աշակերտները արդէն իսկ վերադարձան դպրոց: Սեպտեմբեր 22-ին ամբողջացաւ միջնակարգի վերամուտը:

Չորեքշաբթի, 28 Սեպտեմբերը վերամուտն էր տարրական բաժինի Բ. եւ Գ. դասարանի ու նախակրթարանի աշակերտներուն:

Հինգշաբթի 29 Սեպտեմբերին, տարրական բաժինի Ա. դասարանի աշակերտներուն վերամուտով, Մ.եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի դպրոցական կեանքը աւելի բնականոն դարձաւ:

Հոկտեմբերի առաջին շաբաթը կ’ամբողջանայ նաեւ մանկապարտէզի վերամուտը:

Ուրբաթ, 30 Սեպտեմբերի առաւօտեան բոլոր աշակերտներն ու ուսուցիչները հաւաքուեցան բացօթեայ բակը, ուր տեղի ունեցաւ 2016-2017 տարեշրջանի պաշտօնական բացումը:

Արզնի Արսլանեան աւարտական դասարանի աշակերտներուն խօսքը փոխանցեց եւ ըսաւ. «Ահաւասիկ անգամ մը եւս հաւաքուած ենք Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի հարազատ յարկին տակ: Ճիշդ է, որ մենք արդէն երկու շաբաթէ սկսած ենք դպրոցական մեր առօրեային, բայց այսօր զգացինք որ մեր վերամուտը ամբողջացաւ Ա. դասարանի աշակերտներուն ներկայութեամբ: 1930-ին հիմնուեցաւ կրթական այս օճախը, որ մեզի կը ջամբէ կրթութիւն, ինչպէս նաեւ՝ ազգային մշակոյթի արժէքներն ու ժառանգութիւնները: Հոս է, ուր ամէն մէկ ճեմարանական կը սորվի յարգել հայկական արժէքները եւ տէր կանգնիլ ու պահպանել լեզուն ու մշակոյթը: Աւարտական դասարանին անունով յաջողութիւն կը մաղթեմ ամենափոքր ճեմարանականէն մինչեւ ամենամեծ ճեմարանականին` 2016-2017 տարեշրջանի բոլոր աշխատանքներուն մէջ: Այս առիթով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին, որոնք յարատեւ ճշդապահութեամբ կը հետեւին մեր աշխատանքներուն: Սիրելի հիմնադիրներ՝ Շանթ եւ Աղբալեան, այսօր դարձեալ նոր եռանդով, նոր խանդավառութեամբ կը բարձրացնենք ձեր վառած ջահը՝ նոյն բծախնդրութեամբ զայն մեր յաջորդներուն փոխանցելու յանձնառութեամբ: Բարի վերամուտ բոլորին, յուսամ ուրախ եւ յաջողութեամբ լեցուն տարեշրջան մը կ’ունենանք»:

Այնուհետեւ Ճեմարանի տնօրէնուհի Փաուլա Եղիայեան ողջունեց աշակերտները ըսելով, որ աւանդութիւն դարձած վերամուտի խորհրդանշական հաւաքը պիտի շարունակուի ամէն անգամ որ աշակերտներուն հանգրուանային վերամուտը ամբողջանայ:  Փաուլա Եղիայեան բարի գալուստ եւ յաջողութիւն մաղթեց տարրական բաժինի Ա. դասարանի աշակերտներուն, որոնք աւարտեցին մանկապարտէզը, միացան «մեծ»երուն եւ պիտի վարժուին աշխատանքի նոր ձեւերու: Ապա ան իր խօսքը ուղղեց երկրորդականի աւարտական դասարանի աշակերտներուն, որոնց եւս յատուկ յաջողութիւն մաղթելէ ետք, կարեւորեց անոնց ունեցած պատասխանատուութիւնը Լսարանական Միութեան, աշակերտական ձեռնարկներու եւ փոքրերուն օժանդակութեան հանդէպ: Տնօրէնուհին շեշտեց նաեւ, որ անոնք Ճեմարանը պիտի ներկայացնեն պետական քննութիւններուն ու հետագային համալսարաններուն մէջ եւ ըսաւ, որ յաջողութեան բանալին հետեւողական, լուրջ եւ կանոնաւոր աշխատանքին մէջ է:

Փաուլա Եղիայեան իր խօսքի աւարտին արդիւնաւէտ եւ աշխատանքային լաւ ու բեղուն տարեշրջան մաղթեց բոլորին, ապա աշակերտները երգեցին Ճեմարանի քայլերգը եւ բարձրացան իրենց դասարանները: