ԱՏՈՄ ԵՒ ԱԼԼԱ ԶՈՀՐԱՊԵԱՆՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՃԵՄԱՐԱՆ

Երկուշաբթի, 3 Հոկտեմբեր 2016-ին Ճեմարան այցելեցին ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին հարենիքի սահմանները պաշտպանելու ընթացքին հերոսաբար նահատակուած Անդրանիկ Զոհրապեանի ծնողները` Ատոմ եւ Ալլա Զոհրապեանները:

Տնօրէնութեան կողմէ հիւրընկալուելէ ետք, անոնք այցելեցին դպրոցին զանազան բաժինները, ապա գրադարանէն ներս հանդիպում ունեցան աւարտական դասարանի աշակերտներուն հետ: Ճեմարանի տնօրէնուհի Փաուլա Եղիայեան աշակերտներուն ներկայացուց հիւրերը, իսկ հիւրերուն ներկայացուց Ճեմարանի գրադարանապետ Հուրի Զաքարեանը եւ ըսաւ, որ Ճեմարանը նոյնպէս ունի իր նահատակը՝ Վիգէն Զաքարեանը, հետեւաբար կը խոնարհինք Անդրանիկի, Վիգէնի ու բոլոր նահատակներուն յիշատակին դիմաց:  

Ապա խօսք առաւ նահատակ Անդրանիկին հայրը եւ ըսաւ, որ նահատակութիւնն ու հերոսութիւնը կու գան մեր ժողովուրդի ծիներու կազմաւորումէն եւ դաստիարակութենէն։ Ան պատմեց իր հերոս զաւակին կենսագրութիւնը։ Ապա աշակերտներուն թելադրեց շատ լաւ ուսում ստանալ շարունակելու համար իրենց տարեկից Անդրանիկներու գործը եւ ներդրում ունենալու նահատակներուն ժառանգած սրբութեան պահպանման մէջ:

Այնուհետեւ աւարտական դասարանի աշակերտներէն Սէրուժ Յովսէփեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ատոմ եւ Ալլա Զոհրապեաններուն՝ իրենց այցելութեան համար: Ան ըսաւ, որ մենք ընդհանրապէս պատմութեան մէջ միայն կը սորվինք հերոսներու մասին, բայց այսօր ապրեցա՛նք այդ պատմութիւնը եւ իր դասընկերներուն անունով խոստացաւ շարունակել Անդրանիկի ու Վիգէնի ուղին:

Տիկին Ալլա Զոհրապեան, իր կարգին, առողջութիւն եւ խաղաղ ու անփորձանք կեանք մաղթեց աշակերտներուն:

Հանդիպման աւարտին, Ատոմ Զոհրապեան դպրոցին նուիրեց նահատակ հերոս Անդրանիկ Զոհրապեանի լուսանկարը եւ կենսագրութիւնը: