ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով, նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները դիտեցին անկախութեան պատմութեան տեսերիզը արաբերէն լեզուով: Անոնք սորվեցան նոյն բնաբանով երգ մը եւ գծագրութեան մը կողքին Լիբանանի հանդէպ իրենց սիրոյն մասին արաբերէն լեզուով արտայայտութիւններ գրեցին: Նոյն առիթով, Ե. դասարանի աշակերտները պատրաստեցին խոյզեր եւ ներկայացուցին իրարու օգնելով ու գործակցութեամբ հայրենիքին տէր…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴՐՕՇԱԿԸ

Երկուշաբթի, 20 Նոյեմբեր 2017-ին, մանկապարտէզի վարդագոյն դասարանի աշակերտները ձեռային աշխատանքով կազմեցին Լիբանանի դրօշակը:

ԱՇՈՒՆԸ

Աշնան եղանակը լաւ սորվելու համար, մանկամսուրի փոքրիկները պտոյտ մը կատարեցին դպրոցին պարտէզներուն մէջ,  ուսումնասիրեցին բնութեան փոփոխութիւնները, դիտեցին տերեւաթափ ծառերը, շօշափեցին չորցած տերեւները, ապա ամրապնդեցին իրենց գիտելիքները զանազան աշխատանքներով:

ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ (A.U.B.)

8 եւ 13 Նոյեմբեր 2017-ին, A.U.B ընդունման գրասենեակէն  Սապին Մելքիսէթեան յաջորդաբար հանդիպեցաւ ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարանի աշակերտներուն հետ եւ բացատրութիւններ տուաւ A.U.B մուտքի քննութիւններուն եւ տարբեր մասնագիտութիւններուն մասին: Ան աշակերտներուն բաժնեց համալսարանին վերաբերող անհրաժեշտ թերթիկներ եւ դիմումնագիրներ: Հանդիպումներու աւարտին, Սապին Մելքիսէթեան պատասխանեց աշակերտներուն հարցումներուն:

ՊՈՒՅ-ՊՈՒՅ ՄԿՆԻԿԻՆ ՀՆԴԿԸՆԿՈՅԶԸ

Հինգշաբթի, 9 Նոյեմբեր 2017-ին, Նորսիկեան մանկապարտէզի կապոյտ դասարանի աշակերտները դիտեցին պույ-պույ մկնիկին հնդկընկոյզը, համտեսեցին միջուկը եւ խմեցին անոր ջուրը, ապա ձեռային աշխատանքով հնդկընկոյզը մկնիկի վերածեցին:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «IRAP» (Institut de Reeducation Audio-Phonetique)

Ուրբաթ, 10 Նոյեմբեր 2017-ին, միջնակարգի Է. դասարանի աշակերտները ուղղուեցան Այն Ալաա շրջանը գտնուող խուլերու-համրերու մասնագիտական դպրոցը, ուր կը յաճախեն 2 տարեկանէն մինչեւ 15 տարեկան աշակերտներ:  Ճեմարանի աշակերտները նախօրօք պատրաստուած էին այս այցելութեան, անոնք դիտած էին յատուկ տեսերիզներ, ուր ներկայացուած է «sign language»-ը եւ սորված էին հաղորդակցութեան որոշ ձեւեր՝…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԺՊԷՅԼ

Երկուշաբթի, 6 Նոյեմբեր 2017-ին, նախակրթարանի Ե. դասարանի աշակերտները ընկերակցութեամբ իրենց աշխարհագրութեան եւ արաբերէն լեզուի ուսուցիչներուն, այցելեցին Ժպէյլ, ուր առիթը ունեցան յայտնուելու խաչակիրներու կառուցած բերդին տարածքէն ներս: Այնտեղ, աշակերտները ծանօթացան Ժպէյլ քաղաքի պատմութեան, բերդին կառուցման մանրամասնութիւններուն, տեսան պեղումներու ընթացքին յայտնաբերուած զանազան զարդեղէնները, արձանիկները եւ գործիքները: Դուրս գալով բերդէն, անոնք…

ՊՐԸՒԷԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՆԻՇ ԱՊԱՀՈՎԱԾ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄ

Ուրբաթ, 10 Նոյեմբեր 2017-ի երեկոյեան «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ հայկական վարժարաններու պրըւէի պետական քննութիւններուն բարձրագոյն նիշ ապահոված աշակերտներու պարգեւատրման ձեռնարկ տեղի ունեցաւ` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի դաստիարակչական յանձնախումբին: Այս առիթով պարգեւատրուեցան Ճեմարանի հետեւեալ աշակերտները. Յովակիմեան Քրիսթին, Գրիգորեան Կայէլ, Գոգօղլանեան Նարէ, Խաչատուրեան Ռուբէն, Յովսէփեան Լոռի, Եիրիքեան Մարիա, Գրիգորեան Արի-Յարութիւն, Ֆեղալի…

ԿԱՊՈՅՏ ԳՈՅՆԻ ՕՐ

Նորսիկեան մանկապարտէզի վարդագոյն դասարանի աշակերտները կը սորվին կապոյտ գոյնը:

ԱՇՆԱՆ ՊՏՈՒՂՆԵՐԸ

Մանկամսուրի փոքրիկները ամբողջ շաբթուան մը ընթացքին ծանօթացան աշնան պտուղներուն: Անոնք սորվեցան պտուղներուն անունները (խնձոր, տանձ, պանան, խաղող…), գոյները, անոնց օգուտը,  եւ ինչեր կը պատրաստուին այդ պտուղներով: Իրենց գիտելիքները ամրապնդելու համար, երեխաները այսօր՝ 10 Նոյեմբեր 2018-ին, խնձորները քամեցին եւ հիւթը խմեցին, խնձորով պատրաստուած կարկանդակ կերան եւ խնձորենի պատրաստեցին:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «STARS» ՏՈՒՐՄԻ ԳՈՐԾԱՐԱՆ

Երեքշաբթի, 7 Նոյեմբեր 2017-ին, դասընկերներս ու ես՝ Ը. դասարանի աշակերտներս, արաբերէն լեզուի եւ ֆրանսերէնի պատմութեան ու աշխարհագրութեան ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցինք «Stars» տուրմի գործարանը: Այս այցելութիւնը կը վերաբերէր ֆրանսերէնի պատմութեան ու աշխարհագրութեան դասին. մենք սորված էինք տուրմի ստեղծումին եւ եւրոպական երկիրներու մէջ անոր ազնուական ուտելիք մը դառնալուն մասին: Այցելութիւնը…

ԽԱՉՔԱՐԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Երեքշաբթի, 7 Նոյեմբեր 2017-ին, հայերէնի դասապահուն, նախակրթարանի Դ. դասարաններու աշակերտները դիտեցին խաչքարի պատրաստութեան մասին տեսերիզ մը եւ իրենց ուսուցչուհիին հետ կատարեցին ձեռային աշխատանք մը։ Աշակերտներէն իւրաքանչիւրը կաւով պատրաստեց խաչքար մը եւ իր հնարամտութեամբ զարդարեց ու գեղեցկացուց զայն։ Գիտելիքներու ամրապնդման զուգահեռ, այս աշխատանքը նպաստեց հայկական մշակոյթի ծանօթացման։