«Շատ մեծ հաւատք ունիմ հայ դպրոցին հանդէպ եւ կը հաւատամ, որ ամէն հայ մանուկ նախ եւ առաջ իր դաստիարակութիւնը պէտք է ստանայ հայկական վարժարանին մէջ»

Վերամուտի առիթով եւ դպրոցին մէջ նախատեսուած ծրագիրներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալու նպատակով «Ազդակ» հարցազրոյց մը կատարեց Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանին նոր տնօրէն Փաուլա Եղիայեանին հետ: Խօսելով Ճեմարանի հիմնադրութեան օրէն եկող եւ միշտ պահպանուող այն առաքելութեան մասին, որ Ճեմարանի յարկին տակ աշակերտը ո՛չ միայն լեզու եւ գիտութիւն կը սորվի, այլ նաեւ` ազնիւ ու գիտակից մարդ, պատասխանատու եւ ինքնավստահ հայ ըլլալ, ան հաստատեց, որ այդ մէկուն շարունակութիւնը երաշխաւորելու առումով ամէն ջանք ի գործ պիտի դրուի:

Հարցազրոյցը ամբողջութեամբ կարդալ այստեղ: