ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆ

Ուրբաթ, 7 Հոկտեմբեր 2016-ի առաւօտեան, միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտները հաւաքուեցան իրենց բակը, ուր ԺԲ. դասարանէն Ալեք Էլպէքեան իր խօսքը փոխանցեց Թարգմանչաց տօնին առիթով:

Ան ըսաւ. «Հայ ժողովուրդի ազգային-եկեղեցական ամէնէն սիրուած տօնն է Թարգմանչաց տօնը, որ կը նշուի Հոկտեմբեր ամսուան երկրորդ շաբաթ օրը: Հայաստանի զանազան շրջաններու մէջ այս առիթով կը կազմակերպուին շքեղ տօնախմբութիւններ: Հայ գիրերու ստեղծումէն անմիջապէս յետոյ՝ 405-ին, ծաւալած է Թարգմանչաց շարժումը, որուն նպատակը յունական ազդեցութենէն ազատիլն էր՝ հայ դպրոցներ հիմնելու, քրիստոնէական կարեւոր գիրքերը եւ այլ երկեր հայերէն թարգմանելու, եկեղեցական ծէսերը հայկականացնելու, ինքնուրոյն հայալեզու դպրութիւն սկզբնաւորելու միջոցով: Այսօր, թարգմանչաց շարժումէն դարեր ետք, երբ մենք կը գոյատեւենք իբրեւ հայեր, կը սորվինք մե՛ր մայրենին, մե՛ր պատմութիւնը, մե՛ր գրականութիւնը, մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք թարգմանչաց շարժումը գլխաւորող Մեսրոպ Մաշտոցին, Սահակ Պարթեւին ու անոնց աշակերտներուն՝ Խորենացիին, Եղիշէին, Կորիւնին եւ ուրիշներու…: Դո՛ւք մեզ հայ պահեցիք այս օտար ափերուն»:

Էլպէքեան իր խօսքը փակեց Նիկոլ Աղբալեանի հետեւեալ նախադասութեամբ. «Ազգ եւ գրականութիւն մեռնում են այն ժամանակ, երբ դադրում են իրենց լեզուն խօսիլ ու գրաւոր արտայայտել իրենց ներաշխարհը»:

Ապա դարձեալ ԺԲ. դասարանէն Նարօտ Սերուժեան ասմունքեց Խաչիկ Դաշտենցի «Հայերէն»ը:

Հայերէն 

Մեր շուրջը լեզուներ նոր ու հին,

Մեր շուրջը խօսում են այլօրէն,
Եկ խօսենք, եղբայր իմ,
Հայերէն:

 

Կուլ չերթանք այս ահեղ լափումին
Թոյլ չտանք մեր լեզուն աւերեն,
Եկ խօսենք, մի՛շտ խօսենք
Հայերէն:

 

Մենք ունենք աշխարհում Մասիս սար,
Այդ սարը գալիս է դարերէն,
Նա անվերջ խօսում է
Հայերէն:

 

Զաւակիդ Հայկազեան դպրոց տար,
Եկ գրենք Մեսրոպեան տառերով,
Եկ խօսենք մեր անուշ
բառերով:

 

Մեր հանդէպ ապագայ լուսեղէն
Թող հնչի մեր լեզուն վեհօրէն,
Թող այրուի մեր հոգին
Այդ հրէն:

 

Մեզ ցրեց մի բազուկ անօրէն,
Թէ կ’ուզես սերունդներ մեզ ներեն,
Մենք Հայ ենք, եկ խօսենք
Հայերէն:

 

Այս օտար աշխարհի ցրտերում,
Եկ սիրենք մեր լեզուն ջերմօրէն,
Եկ վառենք ու վառուենք
Հայերէն:

Աշակերտները թարգմանչաց ոգիով  եւ հաւատքով ներշնչուած բարձրացան իրենց դասարանները: