ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ՕՐԵՐ

2016-2017 տարեշրջանի սեմին Ճեմարանի մանկապարտէզի ուսուցիչները մասնակցեցան երկու մանկավարժական հանդիպումներու՝ Չորեքշաբթի 14-էն Հինգշաբթի 15 Սեպտեմբերին: Վարժանքները մատուցուեցան Սէն Ժոզէֆ համալսարանի Մանկավարժական Բաժանմունքի արհեստավարժ անձնակազմին կողմէ:

Առաջին վարժանքը կը վերաբերի մանկապարտէզէն ներս խօսքի զարգացումին: Տիկ. Գօլէթ Աուն ներկայացուց խօսքի զարգացման հիմնարար սկզբունքները 3-էն 6 տարեկան երեխաներուն մօտ: Մանուկները տեսնելով, լսելով եւ զգալով կ’ամրապնդեն գիրերու, ձայներու, վանկերու, բառերու եւ նախադասութիւն կազմելու ունակութիւնները: Այս ունակութիւնները ամուր հիմերը կը կազմեն ապագայ գրաւոր արտայատութեան: Տիկ. Աուն խօսեցաւ փոխգործօն եւ հաճելի դասաւանդման բոլոր ձեւերուն մասին, զորս կարելի է կիրարկել խօսքի զարգացումը ճիշդ հիմերու վրայ դնելու համար:

Երկրորդ վարժանքը, նոյնքան օգտակար, կը վերաբերի մանկապարտէզէն ներս դրական կարգապահութիւնը ամրապնդելու ձեւերուն: Պրն. Րօք Էլ Աշի մանուկներու անկարգապահութեան օրինակներ ներկայացնելով բացատրեց, թէ ի՛նչպէս պէտք է կիրարկել օրէնքները, , որպէսզի «դրական» ձեւով ընկալուին անոնք մանուկներուն կողմէ: Օրէնքները տեսողական միջոցներով ներկայ կ’ըլլան մանկապարտէզի դասարաններուն ու խաղավայրին մէջ եւ կը կիրարկուին բոլորին համար, առանց «պատիժ»ի նուաստացուցիչ հանգամանք ստանալու:

Մնալով հանդերձ հաստատակամ, ուսուցչուհին կարեկցանք եւ գուրգուրանք կը ցուցաբերէ բոլորին հանդէպ, հասկնալով իւրաքանչիւր երեխայի կարիքները, յարգելով անոնց իրաւունքները, արժեւորելով ամէն մէկուն ինքնաբաւ դառնալու փորձը եւ պահպանելով երկխօսութիւնը: