ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԱՅՆՃԱՐ

Ուրբաթ, 7 Հոկտեմբեր 2016-ին, տարրական բաժինի երկրորդ դասարանի աշակերտները այցելեցին Այնճար, որպէսզի գիտութեան «Ծանօթանանք պարտէզներուն» եւ ֆրանսերէնի «La forêt» դասերը սորվին:

 

Աշակերտները դիմաւորուեցան Այնճարի քաղաքապետարանի անդամներուն կողմէ, ապա ուղղուեցան դէպի «Դալար Անկիւն» եւ շարունակեցին իրենց ճամբան դէպի  Ս. Պօղոս եկեղեցի, ուր բացատրութիւններ ստացան խաչքարի մասին: Այնուհետեւ փոքրիկները ճաշակեցին քաղաքապետարանին կողմէ տրամադրուած նախաճաշը բնութեան մէջ, ուր ծանօթացան Այնճարի անասուններուն, թռչուններուն, միջատներուն…:

 

Աշակերտներուն այցելութիւններուն յաջորդ հանգրուանն էր անտառը, ուր շրջեցան քաղաքապետարանի ոստիկաններուն առաջնորդութեամբ եւ բացատրութիւններ ստացան ծառերու տեսակներուն մասին: Ապա փոքրիկները ուղղուեցան դէպի բանջարանոց եւ ջերմոց, տեսան զանազան բանջարեղէններ, ինչպէս՝ կաղամբ, լոլիկ, պղպեղ, եգիպտացորեն…:

 

Փոքրիկները մեծ հաճոյքով քաղեցին ու համտեսեցին Այնճարի խնձորները: Անոնք նոր գիտելիքներ ամբարելէ ու հաճելի օր մը անցընելէ ետք վերադարձան  իրենց տուները:

Ճեմարանի տնօրէնութիւնը, տարրական բաժինի ուսուցիչներն ու աշակերտները  շնորհակալութիւն կը յայտնեն Այնճարի քաղաքապետարանին, որ իր հոգատար վերաբերումով սատարեց այս դաստիարակիչ պտոյտին յաջողութեան: