ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԻ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ
Մանկամսուրի փոքրիկները կը շարունակեն զարգացնել իրենց զգայարաններն ու փոքր մկանները զանազան խաղերու ընդմէջէն:
Մանկամսուրի փոքրիկները կը շարունակեն զարգացնել իրենց զգայարաններն ու փոքր մկանները զանազան խաղերու ընդմէջէն:
Նախակրթարանի Ե. դասարանի գիտութեան դասի ծրագիրը կ’ընդգրկէ «Առողջ սննդականոն» նիւթը, որուն մատուցման համար յարմար կը նկատենք հրաւիրել սննդագէտ մը ու կազմակերպել ծնողք-աշակերտ հանդիպում-զրոյց մը: Այս տարուան հիւր դասախօսը Արին Գասապեանն էր. 2011-ին Ճեմարանը աւարտելէ ետք, ան հետեւած է սննդագիտութեան մասնագիտութեան, ֆրանսական USJ համալսարանէն ներս: Այժմ, Ֆրանսայի մէջ, ան…
Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին Ճատրակի մրցումները տեղի ունեցան Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ Կիրակի, 25 Փետրուար 2018-ին: Ստորեւ՝ Ճեմարանի աշակերտներուն ապահոված արդիւնքները. 8 տարեկան եւ վար աղջիկներ՝ Հերա Պետիրեան (երրորդ): Տղաք՝ Նարեկ Բակլայեան (առաջին), Վարագ Լախեան (երկրորդ), Նիկոլ Մանճիկեան (երրորդ) 10 տարեկան եւ վար…
Ուրբաթ, 23 Փետրուար 2018-ին, միջնակարգի Ը. եւ Թ. դասարաններու աշակերտներս հանդիպում մը ունեցանք Տոքթ. Արմենակ Եղիայեանի հետ: Էտուար Թաշճեան ընթերցեց ձեռնարկի բացման խօսքը, ապա Արամ Հանտեան ասմունքեց Մ. Իշխանի «Հայ լեզուն տունն է հայուն» բանաստեղծութիւնը: Տոքթ. Արմենակ խօսեցաւ հայերէն լեզուի եւ գիրք կարդալու անհրաժեշտութեան մասին ու կեդրոնացաւ «Վէրք…
Հինգշաբթի, 22 Փետրուար 2018-ի առաւօտեան, Նորսիկեան մանկապարտէզի կանաչ դասարաններու ծնողները իրենց զաւակներուն հետ դասարան մտան եւ դիտեցին իրենց երեխաները աշխատանքի ժամանակ՝ հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներու դասապահերուն։ Այս նախաձեռնութիւնը առիթ կու տայ ծնողներուն ծանօթանալու դպրոցի եւ դասարանի մթնոլորտին, ինչպէս նաեւ՝ դասանիւթերու մատուցման ձեւերուն։
Երկուշաբթի, 26 փետրուար 2018-ին, երկրորդական բաժինի Ժ. դասարանի աշակերտները, ընկերակցութեամբ հայոց պատմութեան եւ հայ գրականութեան ուսուցիչներուն, ներկայ գտնուեցան Արցախի ազատագրական շարժման 30-ամեակին նուիրուած` Զոհրապ Մարգարեանի ոսպնեակէն դիտուած լուսանկարներու ցուցադրութեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ: Լուսանկարները դիտելէ ետք, աշակերտները առիթը ունեցան հարցումներ ուղղելու լուսանկարիչ Զոհրապ Մարգարեանին եւ զրուցելու Մերձաւոր…
Չորեքշաբթի, 21 Փետրուար 2018-ին, միջնակարգի Է. դասարանի աշակերտներուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ զրոյց՝ մայրենի լեզուի անաղարտ պահպանման եւ զայն յաջորդ սերունդներուն փոխանցման աւանդին մասին, ապա տեղի ունեցաւ ուղղագրական մրցանք մը. 42 աշակերտներ բաժնուեցան 14 խումբերու, իւրաքանչիւր խումբ ստացաւ հատուած մը, ուր կային 35 ուղղագրական սխալներ: Աշակերտները լծուեցան սրբագրութեան աշխատանքի:…
Եօթներորդ դասարանի ընդհանուր պատմութեան դասանիւթի ծիրէն ներս, աշակերտները ծանօթացան բիւզանդական մայրաքաղաք Կոստանդնուպոլիսին, որ կայսրութեան քաղաքական, կրօնական եւ տնտեսական կեդրոնն էր: Հոս կը գտնուէին կայսերական պալատները, Ուղղափառ քրիստոնեաներուն եկեղեցիները, որոնց մէջ կարելի է առանձնացնել Սուրբ Սօֆիա գլուխ գործոց եկեղեցին եւ վերջապէս, Եւրոպայի, Ասիոյ եւ Ափրիկէի միջեւ կամուրջի դեր խաղացող…
Երեքշաբթի, 20 Փետրուար 2018-ին, նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները, իբրեւ արաբերէն լեզուի արտադասարանային աշխատանք, այցելեցին Կեդրոնական Պէյրութ եւ ծանօթացան քաղաքին: Անոնք շրջեցան շուկային մէջ, տեսան խորհրդարանը, ապա նաեւ՝ նահատակաց յուշարձանը, եւայլն: Աշակերտները այս այցելութեամբ ամրապնդեցին քաղաքի մասին իրենց սորված արաբերէն լեզուի բառամթերքը:
1869 թուականի 19 Փետրուարին ծնած մեծանուն գրող եւ մեծ հայրենասէր Յովհաննէս Թումանեանի յիշատակին կ’առնչուի Հայաստանի մէջ մօտ տասը տարիէ աւանդական դարձած գիրք նուիրելու օրը: Ամէն տարի արժանավայել կերպով այս օրուան կ’արձագանգեն նաեւ Ճեմարանի աշակերտները՝ իրարու գիրք նուիրելով: Ամեակներով հարուստ այս տարեշրջանին՝ 2018-ին, 19 Փետրուարին, զանազան մակարդակներու վրայ տեղի…
«Գրելու արուեստը» բնաբանի ծիրէն ներս, Հինգշաբթի, 15 Փետրուար 2018-ին, նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները իրենց հայերէն լեզուի ուսուցչուհիին ընկերակցութեամբ այցելեցին պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի գրասենեակը: Աշակերտները տեսան մատեաններ եւ ձեռագիր գիրքեր 1500 թուականէն: Երուանդ Փամպուքեան իրենց բացատրութիւններ տուաւ «մեսրոպեան երկաթագիր» տառերուն, ծաղկողներուն, մանրանկարչութեան, տառերու տեսակներուն, ինչպէս նաեւ թուղթերու որակին մասին:…
Երկուշաբթի, 12 Փետրուար 2018-ին Ճեմարան այցելեց Արի Չէօրէքճեան, որ Օգոստոս 2013-ին Արարատի գագաթը նուաճած էր: Հայոց Պատմութեան դասապահուն, ան իր փորձառութիւնը նկարներու ցուցադրութեամբ ներկայացուց տարրական բաժինի Գ. դասարանի աշակերտներուն եւ մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց Արարատ լեռնագնացութեան մասին՝ նախապատրաստութիւններ, տեւողութիւն, կլիմայ, դժուարութիւններ եւ անշուշտ զգացումներ: Ներկայացման աւարտին Արի Չէօրէքճեան պատասխանեց…