ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «IRAP» (INSTITUT DE RÉÉDUCATION AUDIO-PHONÉTIQUE)

Նախաձեռնութեամբ Ճեմարանի ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, ուրբաթ, 24 Մայիս 2019-ին, Միջնակարգի Է. դասարանի աշակերտները, ընկերակցութեամբ Տիկ. Սիլվային, Տիկ. Շուշիկին, Տիկ. Սանտրային եւ Պրն. Սագոյին, այցելեցին «IRAP» կեդրոնը, որ խուլերու, համրերու եւ այլ դժուարութիւններ ունեցող փոքրերու եւ պատանիներու մասնագիտական դպրոց մըն է, որ կը գործէ 1960 թուականէն ի վեր: Ճեմարանի…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՅԻՍՈՒՍԵԱՆՆԵՐՈՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Երեքշաբթի 21 Մայիս 2019-ին, Երկրորդական բաժինի Ժ. դասարաններու աշակերտները այցելեցին Յիսուսեաններու Արեւելեան Գրադարանը (La Bibliothèque Orientale de l’USJ): Այցելութեան նպատակն էր ծանօթանալ արդէն իսկ իր 144 տարիները բոլորած Միջին Արևելքի ամենահին գրադարանին, ինչպէս նաև վայելել գրադարանին սրահէն ներս ցուցադրուող Վարուժան Սէթեանի լուսանկարչական ցուցահանդէսը: Աշակերտները եւ իրենց Պատմութեան եւ…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՆՇՈՒՄ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԷՆ ՆԵՐՍ

Ուրբաթ, 24 Մայիս 2019-ին, Մանկապարտէզի մէջ նշուեցաւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան անկախութեան օրը: Տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն` մասնակցութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Անթիլիաս մասնաճիւղէն քոյր Արզնի Արսլանեանի եւ եղբայր Քրիստ Բրուտեանի: Փոքրիկները, որոնցմէ շատերը դպրոց եկած էին սկաուտական տարազով, երգեցին փունջ մը հայրենասիրական երգեր:

«ԴՊՐՈՑԻՆ ԴԵՐԸ ԱՇԱԿԵՐՏԻՆ ՀՈԳԵԿԱՆ ԱՌՈՂՋՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԿՐԹԱԿԱՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ» ԽՈՐԱԳԻՐՈՎ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Նախաձեօութեամբ Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութեան, Հինգշաբթի, 22 Մայիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Դոկտ.. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Դպրոցին դերը աշակերտին հոգեկան առողջութեան եւ կրթական յաջողութեան մէջ» խորագիրով Դոկտ.. Կարին Փափազեան Զոհրապեանի դասախօսութիւնը, ներկայութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան, Ճեմարանի խնամակալութեան եւ ծնողական խորհուրդի ներկայացուցիչներուն, Լիբանանի…

«ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԸ՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴԻՄԱԳԻԾԻ ՊԱՇՏՊԱՆ»՝ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Շաբաթ, 18 Մայիս 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 10:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպած «Հայ դպրոցը` հայկական դիմագիծի պաշտպան» խորագիրով խորհրդաժողովին մասնակցեցան Ճեմարանէն հայերէն լեզուի եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչներ, ինչպէս նաեւ՝ երկրորդական բաժինէն խումբ մը աշակերտներ:

ՀՐԱԿ ԴՐՕ ԿԻՒՐԻՒՆԼԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԵՐԿՐՈՐԴ

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ «ԲԵՄԵԼ» համահայկական մանկապատանեկան ասմունքի առցանց մրցոյթին մասնակցող Ճեմարանի աշակերտներէն Հրակ Դրօ Կիւրիւնլեան 13-էն 16 տարեկան տարիքային խումբին երկրորդ դիրքը գրաւեց: Երկուշաբթի, 20 Մայիս 2019-ին Հրակ Դրօն ներկայ գտնուեցաւ սոյն մրցանքի մրցանակաբաշխութեան, որ տեղի ունեցաւ Յովհաննէս Թումանեանի անուան տիկնիկային թատրոնին մէջ, ուր անգամ մը եւս…

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՊՐԷՕՎԷԻ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԳԵՐԱԶԱՆՑ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐ ԱՊԱՀՈՎԱԾ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄ

Ուրբաթ, 17 Մայիս 2019-ի երեկոյեան «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական վարժարաններու պրէօվէի պետական քննութեանց բարձրագոյն նիշ ապահոված աշակերտներու պարգեւատրման ձեռնարկ` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի դաստիարակչական յանձնախումբին: Կը շնորհաւորենք այս առիթով պարգեւատրուած՝ Ժ. դասարանի աշակերտներէն Կալի Քէշիշեանը եւ Նանոր Հէյպէլեանը:  Ձեռնարկին մանրամասնութիւնները կարելի է ընթերցել այստեղ:  

ԱՌԱՋԻՆ ԴԱՍԱՐԱՆԸ ՆՇԵՑ ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐԸ

Ուրբաթ, 17 Մայիս 2019-ին, Տարրականի Ա. դասարանի աշակերտները նշեցին մայրերու օրը: Անոնք իրենց սորված երգերով, արտասանութիւններով, պարերով եւ սրտի խօսքերով յուզեցին իրենց մայրերը: Բարի տօն բոլոր մայրերուն:

ԳԱՐԻԿՆ ՈՒ ՍՈՆԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՃԵՄԱՐԱՆ

Երկուշաբթի, 20 Մայիս 2019-ին, Ճեմարանի հրաւէրով Լիբանան ժամանած հայրենի տաղանդաւոր արուեստագէտներ՝ Գարիկ Պապոյեան եւ Սոնա Ռուբէնեան այցելեցին Ճեմարան: Անոնք շրջեցան դպրոցին մէջ եւ հանդիպեցան տնօրէնութեան եւ աշակերտներուն հետ:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Չորեքշաբթի, 15 Մայիս 2019-ին, Նախակրթարանի Զ. դասարանի աշակերտները, իրենց Պատմութեան եւ Աշխարհագրութեան (Histoire-Géographie) ուսուցչուհիին ընկերակցութեամբ, այցելեցին Պէյրութի Ազգային Թանգարանը: Աշակերտները շրջեցան թանգարանին բոլոր բաժանումները եւ տեսան նախապատմական, հելլենիստական, հռոմէական, բիւզանդական եւ իսլամական քաղաքակրթութիւններու հարստութիւնները՝ քանդակներ, արձաններ, արձանագրութիւններ, կենցաղային առարկաներ եւ տապանաքարեր: Տիկին Շողիկը աշակերտներուն լայն տեղեկութիւններ փոխանցեց դարերու…

ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ-ԶՐՈ3Ց

Ընկերային կազմաւորման ծրագրի ծիրէն ներս, Ճեմարանի շրջանաւարտ Կալի Խիւտավերտեան (շրջանաւարտ՝ A.U.B. հոգեբանութեան մասնագիտութիւն) միջնակարգի Է. դասարանի աշակերտներուն հետ արծարծեց հետեւեալ նիւթերը՝ ի՞նչպէս ընկեր ընտրել, անձի մը իւրայատկութիւնը, հոգեբանական ինչպիսի՞ հանգրուաններէ կ’անցնի անձերու միջեւ ընկերութիւնը, պատանեկան սէր եւ սիրոյ արտայայտութիւն, ընկերային հաւաքները այս տարիքին, փորձութիւններու չենթարկուիլ….

ՍԵՌԱՅԻՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, տեղի ունեցան սեռային դաստիարակութեան վերաբերեալ հետեւեալ դասախօսութիւնները. 19 Նոյեմբեր, 2018-ին Տոքթ. Ժանօ Քէքէճեան (միջնակարգի դասարաններ): 3 Ապրիլ 2019-ին կանացի հիւանդութիւններու մասնագէտ Տոքթ. Վիգէն Նանէճեան (երկրորդական բաժինի Ժ. եւ ԺԱ. դասարաններ): 11 Ապրիլ, 2019-ին մանկաբոյժ Տոքթ. Պերճ Տագէսեան (նախակրթարանի Զ. դասարան): Վերոյիշեալ դասախօսութիւններուն ընթացքին, աշակերտներուն…