ԶՈՀՐԱՊ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆԻ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ԵՒ ԶՐՈՅՑ ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՄԷՋ ԱՐՑԱԽԻ ՄՆԱՅՈՒՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ ԿԱՐՕ ՔԵՊԱՊՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

Երկուշաբթի, 26 փետրուար 2018-ին, երկրորդական բաժինի Ժ. դասարանի աշակերտները, ընկերակցութեամբ հայոց պատմութեան եւ հայ գրականութեան ուսուցիչներուն, ներկայ գտնուեցան Արցախի ազատագրական շարժման 30-ամեակին նուիրուած` Զոհրապ Մարգարեանի ոսպնեակէն դիտուած լուսանկարներու ցուցադրութեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ:

Լուսանկարները դիտելէ ետք, աշակերտները առիթը ունեցան հարցումներ ուղղելու լուսանկարիչ Զոհրապ Մարգարեանին եւ զրուցելու Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեանի հետ, որ ներկայացուած նկարներէն մեկնելով, մանրամասնութեամբ անդրադարձաւ Արցախի ազատագրութեան, ինչպէս նաեւ՝ անոր գոյատեւման եւ հզօրացման գործընթացին:

Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ դիտեցին լուսանկարները եւ հետեւեցան զիրենք Արցախի հետ կամրջող զրոյցին: